Լաթվիայէն Հայկական արձագանգներ.Մէկ եկեղեցի, երկու խաչքար եւ երեսունչորս ճաշարան

By Asbarez | Tuesday, 17 June 2014

 

ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Խոսրով քհնյ. Ստեփանեանը Էսթոնիոյ, Լաթվիոյ եւ Լիթուանիոյ հայկական գաղութներուն հոգեւոր հովիւն է: Ան Հայաստանէն կու գայ եւ եռանդով կը լծուի պալթեան այս երեք երկիրներու հոգեւոր եւ կազմակերպչական առաջնորդութեան աշխատանքներուն: Տէր հօր նստավայրը Ռիկան՝ Լաթվիոյ մայրաքաղաքն է:
Ամիսը երկու Կիրակի Ռիկայի մէջ կը պատարագէ, մէկ անգամ՝ Թալինի (Էսթոնիա), մէկ անգամ ալ Վիլնիւսի մէջ (Լիթուանիա): Այս երեք երկիրները սահմանակից ըլլալով հանդերձ, կը գտնուին աշխարհագրական բաւական լայն տարածութեան մը վրայ, ինչ որ կը ստիպէ քահանային երկար ճամբորդութիւններ կատարել իր առաքելութեան ի խնդիր:


Ռիկան գեղեցիկ քաղաք է: Անոր շէնքերը կառուցուած են «եուկընսթայլ» տիպի ճարտարապետական ոճով, որ ընթացք առած է 19-20րդ դարերուն եւ ստեղծած յատուկ կենցաղ եւ մտածողութիւն՝ արուեստի եւ փիլիսոփայութեան բնագաւառներուն մէջ: Արուեստի այս ոճը ոչ միայն բնորոշ դիմագիծ մը կու տայ քաղաքին, այլ նաեւ՝ տարբեր փայլք: Լաթվիան մաս կազմած է Խորհրդային Միութեան: 1990ին առաջին երկիրներէն էր, որ անջատուեցաւ Խորհրդային Միութենէն եւ կերտեց անկախ հանրապետութիւն: Այսօր Լաթուիան անդամ է Եւրոպական Միութեան՝ ոչ միայն կենսամակարդակին շնորհիւ, այլ նաեւ՝ ճարտարարուեստական յառաջխաղացքին: Թէեւ ռուսերէնը եւ անոր ազդեցութիւնը առկայ են տակաւին, բայց զգալի է նաեւ տեղացի ժողովուրդին կողմէ զգայնութիւնն ու վերապահութիւնը անոնց նկատմամբ:

Հայկական իրականութիւնը սկս-ած էր զարգանալու Խորհրդային Միութեան օրերուն, երբ գաղութը կը հաշուէր մօտաւորապէս եօթը հազար հայ: Անոնք Հայաստանէն եկած էին ուսանելու նպատակով, կամ՝ աշխատանք գտնելու: Ներկայիս գաղութը հազիւ 2500 հոգի կը հաշուէ: Շրջանին մէջ տիրող տնտեսական տագնապը պատճառ դարձաւ նաեւ, որ մեծ թիւով հայեր հեռանան երկրէն:

 


Տէր Խոսրովին համար քրիստոնէական հաւատքը եւ ազգային արժէքները սրբութիւններ են, որոնց համար եւ անոնց պահպանման ի խնդիր կը տագնապի ան, մանաւանդ որ խառն ամուսնութիւններուն իբրեւ հետեւանք՝ հայ ազգի զաւակները հետզհետէ կը հեռանան հայկական ջերմ միջավայրէն:

Բայց յուսահատութիւն չի ճանչնար հայ հոգեւորականը: 2005 թուականին նշանակուած է այդ տարածաշրջանի հոգեւոր հովիւ: Որպէս հոգեւոր տեսուչ՝ ան Ղարաբաղի մէջ ծառայած է, եւ ատիկա զինք աւելի գօտեպնդած է հայուն արդար պայքարով եւ ազգային ինքնորոշման արժանիքներով:

 


Ռիկայի հայկական եկեղեցւոյ շինարարական աշխատանքները սկսած են 1997ին եւ մնացած կիսատ: Համայնքի հոգեւոր առաջնորդութիւնը նոր ստանձնած հովիւը անմիջապէս կը ձեռնարկէ եկեղեցւոյ կառուցման եւ շինարարական աշխատանքներու ամբողջացման: 2009ին շինարարութիւնը իր լրումին կը հասնի, եւ 2011ին եկեղեցին կ՛օծուի եւ կ՛անուանակոչուի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ:

Տակաւին կայ աւելի՛ն. տէր հայրը այսքանով չի բաւարարուիր եւ կը սկսի բանակցութիւններ վարելու քաղաքապետարանին հետ, որպէսզի եկեղեցւոյ հանդիպակաց փողոցը նոյնպէս Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ անուանուի:

<<Եկեղեցւոյ շինարարութեան կողքին անհրաժեշտ է հաւատք կերտել>>, կ՛ըսէ տէր հայրը: Հաւատքի հասկացողութիւնը անոր համար ընդհանրական է: Ան կը հաւատայ քրիստոնէական արժանիքներուն, նաեւ՝ ընկերային ու գաղութային կեանքին մէջ ազգային արժէքներուն ու գիտակցութեան:
<<Անհրաժեշտ է հայուն մէջ վառ պահել անձնազոհութեան գիտակցութիւնը: Ամէն հայ պէտք է զգայ, որ հայկական գաղութը կը պահուի նուիրուածութեամբ եւ հայ կեանքին մէջ գործօն մասնակցութեամբ>>, կ՛ըսէ հոգեւոր հովիւը:

Հայկական գաղութին մէջ չկան կուսակցական կառոյցներ, հետեւաբար հայ իրականութեան մէջ եկեղեցին դարձած է միակ կեդրոնատեղին, որ իր հովիւին հետ միասին կը հաւաքէ եւ իրարու կը միացնէ հայ գաղութին զաւակները: <<Այս իմաստով գաղութը ինծի կը նայի ոչ միայն որպէս հոգեւոր հովիւ, այլեւ՝ ազգային առաջնորդ, հետեւաբար պարտաւորութիւններս եւ պարտականութիւններս շատ են>>:

Թէեւ փոքր ժպիտ մը ուրուագծուեցաւ տէր հօր դէմքին վրայ, բայց անոր ետին կայ ծանրաբեռնուածութիւն, նաեւ, մերթ ընդ մերթ, յուսահատութեան դրսեւորումներ: <<Պէտք չէ մոռնալ, որ ես ալ մարդ եմ>>, շարունակեց ան:

Հայկական միօրեայ վարժարանը Կիրակի օրերը կը գործէ եկեղեցւոյ գետնայարկ սրահին մէջ: Դասապահերը կը սկսին առաւօտեան ժամը տասէն մինչեւ երեկոյեան ժամը վեց: Ութ տարեկանէն մինչեւ վաթսուներեք տարիքի հայորդիներ կը մասնակցին հայերէն դասաւանդութիւններուն: Մօտաւորապէս երեսուն հայեր կանոնաւոր կերպով կը հետեւին դասընթացքներուն:

Տէր Խոսրով այսքանով բաւարարուած չէ: <<Եթէ հայապահպանման մասին պիտի մտածենք, անհրաժեշտ է ունենանք ամէնօրեայ հայկական վարժարան: Հայոց լեզուի գործածութիւնը յատկապէս նոր սերունդի մօտ հետզհետէ կը նուազի: Նոյնիսկ երբ տուներուն մէջ հայերէն կը խօսինք մանուկներուն հետ, ընդհանրապէս տեղական լեզուով կամ ռուսերէնով կը պատասխանեն մեզի>>: Ասիկա տէր հօր ցաւերէն մէկն է, որուն համար կը տագնապի: <<Եթէ մեր համայնքը այսօր չզօրացնենք, վաղը մեր ունեցածն ալ պիտի կորսնցնենք>>, կը հաստատէ ան:

Հայկական այսօրուան իրավիճակը իր իւրայատուկ տեղն ու դրոշմը ունի Ռիկայի մէջ: Մէկ եկեղեցի մը՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ, որ հայուն հոգեւոր եւ ազգային պատուանդանն է, երկու խաչքար՝ մէկը եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ, իսկ միւսը՝ քաղաքի կեդրոնական մասին՝ Հայաստանի մէջ քրիստոնէութեան պետականացման 1700ամեակին առիթով կառուցուած: Այս երկու խաչքարերը հայուն <<ապրող>> եւ <<ապրելու>> հրամայականներուն վկայութիւններն են: Բայց կայ նաեւ աւելին… երեսունչորս հայկական ճաշարան՝ <<Արմէնիա>>, <<Աղթամար>> եւ ուրիշներ, որոնք կը գործեն մայրաքաղաքի տարբեր շրջաններուն մէջ եւ վստահաբար հպարտութիւն կը ներշնչեն հայուն:

Տէր Խոսրով աչալրջութեամբ կը հետեւի քաղաքական բոլոր իրադարձութիւններուն:

<<Թրքական գործօնը շատ զօրաւոր է Լաթվիոյ մէջ յատկապէս՝ Ցեղասպանութեան 100ամեակի նախօրեակին>>, կ՛ըսէ ան: <<Չեմ գիտեր ինչպէ՞ս պէտք է կազմակերպուիլ այս բոլորին դիմաց>>: Տէր Խոսրովին այս հարցադրումը, կ՛ենթադրեմ, ոչ միայն իր, այլ նաեւ ինծի ու համայն հայութեան կը վերաբերի՝ որպէս մէկ մեծ մարտահրաւէր. <<Ինչպէ՞ս պէտք է կազմակերպուիլ>>:

Չես կրնար չմտածել, թէ որքա՜ն <<գունագեղ>> է հայկական Սփիւռքը, որքա՜ն <<այլազան>>, եւ այս օրերուն նաեւ՝ <<փոխուող>> իրականութիւն, երբ մայր հայրենիքէն արտասահման կ՛անցնին մեծ թիւով հայեր:

Բայց <<գունագեղ>>, <<այլազան>> եւ «փոխուող» իրականութիւնները ունին մէկ հասարակ յայտարար, մեծ պարտականութիւն՝ հայապահպանում: Անհրաժեշտութիւն՝ հայը հայ պահելու, որովհետեւ ատիկա ոչ միայն այսօրուան, այլ նաեւ վաղուան գրաւականն է: Տէր Խոսրովի մտահոգութենէն մեկնելով՝ հայկական իրականութիւնը կը կանգնի մեծ առաքելութեան դիմաց. արդարեւ, եթէ ապագան պիտի երաշխաւորենք, պէտք է սկսինք այսօրուան տուեալները գուրգուրալէն:

Լիբանանեան շարժապատկերի արուեստի լաւ ներկայացուցիչներէն Նատին Լապաքիի վերջին ժապաւէնին խորագիրը ուսանելի պէտք է ըլլայ նաեւ հայուն համար այսօր: Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի մթնոլորտէն ետք ու անոր ստեղծած քաղաքական, ընկերային, կրօնական եւ մշակութային հանգուցային իրադարձութիւններէն ետք բեմադրիչը հարց կու տայ. <<Եւ հիմա դէպի ո՞ւր>> (Հալլա լա ուէյն), ասիկա վերածելով իր ժապաւէնի անուան:

Թէեւ շարժապատկերին խորագիրը լիբանանցիին ու անոր ապրած իրականութեան մասին է, բայց մօտէն կ՛առնչուի նաեւ հայուն եւ անոր ապրած իրականութեան:
Դիտելով Ռիկայի հայկական իրականութիւնը եւ բոլոր մնացեալ իրականութիւնները Սփիւռքի տարածքին՝ անհրաժեշտ է, որ հարց տանք մենք մեզի. <<Եւ հիմա դէպի ո՞ւր>>:

Եթէ պահանջատիրութիւնն է մեծագոյն օրակարգը Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին, ուրեմն հայապահպանումը մեր ներհայկական մեծագոյն հիմնահարցը պէտք է ըլլայ:

<<Եւ հիմա դէպի ո՞ւր>> մեր պատմութեան այս մեծագոյն անկիւնադարձային առիթով անպայման դէպի պահանջատիրութիւն ե՛ւ հայապահպանում:
Այս երկուքը իրարու հետ եւ իրարմով կամրջուած են, իրարմով կը զօրանան ու մանաւանդ՝ կ՛իրականանան:

Մինչ այդ Լաթվիայէն հայկական արձագանգները կը լեցնեն հայու հոգին: Մէկ եկեղեցի, երկու խաչքար եւ երեսունչորս հայկական ճաշարան: Հայուն շարունակականութեան գործօնին փոքր, բայց կարեւոր կենդանի մէկ պատկերը, զոր պէտք է տանինք վաղուան:

 


comments

Advertisement