Նոր Գիւղը դարձեալ տագնապալի վիճակի մէջ է. Կան վիրաւորներ եւ զոհեր

By Asbarez | Tuesday, 17 June 2014

 

 


ՀԱԼԷՊ.- Երեքշաբթի, 17 Յունիսին, Նոր Գիւղի մէջ տագնապալի վիճակ ստեղծուած է. Զուարթնոց եկեղեցւոյ դիմաց գտնուող, «Ֆաթայեր Ճանօ» խանութին մօտ տեղացած հրասանդի եւ հրթիռներու հետեւանքով այրած է Ճանոյի խանութը. նոյն վայրին մէջ զոհուած է «Գանձասար» շաբաթաթերթի երկար տարիներու ցրուիչ Վրէժ Ճապաղջուրեանը. կան ծանր ու թեթեւ վիճակի վեց վիրաւորներ:

Նախորդ օրը՝ Յունիս 16ին, Հալէպի Սիպիլ թաղամասին մէջ պայթած հրասանդի բեկորներէն ստացած վնասի հետեւանքով մահացած էր 1942ի ծնունդ Սեդա Պասմաճեանը:

 


comments