Հայեր Սպիտակ Տան դիմաց բողոքի ցոյց կազմակերպեցին

By Asbarez | Wednesday, 18 June 2014

 

Յունիս 13ին, Ուաշինկթընի մէջ ամերիկահայութիւնը սուրիահայերուն սատարելու կոչով բողոքի ցոյց կատարեց Սպիտակ տան դիմաց:
Ցուցարարները կոչ ուղղեցին նախագահ Պարաք Օպամային՝ անյապաղ քայլեր առնելու՝ դադրեցնելու համար թիրախաւորուած ռմբակոծումները Հալէպի հայ բնակչութեան դէմ եւ բարձրացնելու իրազեկուածութիւնը հայ համայնքի զգալի հատուածին՝ հայրենիք հանդիսացող սուրիական հիւսիսային քաղաքներու վերահաս ոչնչացման մասին:

«Հալէպի բնակչութիւնը կը տառապի անողոք ռմբակոծումներու պատճառով, իսկ Նոր Գիւղի հայկական համայնքը կը գտնուի թրքական կառավարութեան կողմէ օժանդակուող ժիհատական խումբերու յարձակումներու ամբողջ ծանրութեան տակ: Ժամանակն է, որ նախագահ Օպամա արագ ճնշումներ գործադրէ Թուրքիոյ վրայ՝ ստիպելով դադրեցնել այս դաժանութիւնները», հաղորդեց Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Ռազմիկ Լիպարեան:

Բողոքի ցոյցը շարունակութիւնն էր 12 Յունիսին Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ Քէն Խաչիկեանի նամակին՝ ուղղուած նախագահ Պարաք Օպամային: Նամակին մէջ Խաչիկեան Սպիտակ տան յորդորած էր «հարկադրաբար միջամտել՝ օժանդակելու Հալէպի արիաբար մաքառող եւ անպաշտպան բնակչութեան»:

Ան նաեւ Օպամայէն պահանջած էր «յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին արտակարգ նիստի հրաւիրել ամերիկահայ համայնքի կրօնական, քաղաքացիական, բարեգործական ընկերութիւններու եւ համայնքային առաջնորդները, քննարկելու համար Հալէպի փրկութեան գործողութիւններու ծրագիրը»:

 

 


comments