Թուրք Ժխտողականները Չյաջողեցան Խափանել Ցեղասպանութեան Նուիրուած Ելոյթը Աւստրալիոյ Խորհրդարանին Մէջ

By Asbarez | Thursday, 19 June 2014

 

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Աւստրալիոյ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի յանձնախումբը հրաւիրած էր տողերուս հեղինակը՝ ելոյթ ունենալու Սիտնիի եւ Մելպուռնի ոգեկոչման ձեռնարկներուն եւ Ապրիլ 24ի շաբթուան ընթացքին պաշտօնական ճառով հանդէս գալու Նոր Հարաւային Ուելզի խորհրդարանին մէջ։


Ապրիլ 27ին, Աւստրալիոյ թրքական շահերու պաշտպանութեան միութիւնը երեք էջնոց նամակ մը յղեց խորհրդարանի բոլոր անդամներուն՝ կոչ ընելով պոյքոթի ենթարկելու ելոյթս: Խորհրդարանի անդամներէն մէկը նամակին պատճէնը փոխանցեց Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբին՝ ելոյթիս նախօրեակին: Հմտօրէն շարադրուած նամակը, ամենայն հաւանականութեամբ գրուած Թուրքիոյ դեսպանատան արհեստավարժ լոպիիստներու կողմէ, քանի մը սխալ պնդումներ եւ զրպարտիչ մեղադրանքներ կը պարունակէր:

Թրքական ժխտողականութեան խումբը կը ձգտէր Անգարայի մարդու իրաւունքներու սահմանափակումները ներմուծել Աւստրալիոյ նման ժողովրդավարական երկիրի մը մէջ՝ փորձելով սահմանափակել ոչ միայն բանախօսին խօսքի ազատութիւնը, այլ նաեւ խորհրդարանին՝ իր ցանկացած անձերը հրաւիրելու իրաւունքը: Զիս անուանելով «փրոփականտիստ», որ՝ «օգուտ կը քաղէ հակամարտութենէն եւ ատելութենէն», թուրքերը իրենց նամակին մէջ «խստօրէն» խորհուրդ տուած էին խորհրդարանի ներկայացուցիչներուն ներկայ չգտնուիլ ելոյթիս:

Աւստրալիոյ թրքական միութեան գործադիր տնօրէն Կիւնեշ Կիւնկոր տարածած էր կեղծ յայտարարութիւն մը, ըստ որուն՝ իբր թէ ես Համբիկ Սասունեանի «ազգական»ն եմ, պարզապէս որովհետեւ ունինք նոյն մականունը: Համբիկը դատապարտուած էր 1982ին Լոս Անճելըսի մէջ Թուրքիոյ գլխաւոր հիւպատոսի սպանութեան համար: Թէեւ իւրաքանչիւր մարդու կեանքը շատ արժէքաւոր է, սակայն Կիւնկոր կոկորդիլոսի արցունքներ կը թափէ միայն թուրք դիւանագէտի մը մահուան առիթով՝ անտեսելով 1.5 միլիոն անմեղ հայերու հաւաքական սպանութիւնները… Որքա՞ն հաճելի է Կիւնեշ Կիւնկորին, եթէ «ազգակցական» կապ ունենալուն մէջ զինք մեղադրեմ քանի մը յանցագործներու հետ, զորս գտած եմ համացանցի միջոցով, միայն այն պատճառով, որ անոնք ունին նոյն մականունը:

Կիւնկոր իր նամակին մէջ նաեւ չարախօսած է ականաւոր իրաւաբան Ռաֆայէլ Լեմքինը մասին, որ ստեղծած է «ցեղասպանութիւն» եզրը՝ Օսմանեան կառավարութեան կողմէ հայերու բնաջնջման մանրամասն ուսումնասիրութիւններու հիման վրայ: Յուսահատօրէն փորձելով ամէն գնով արատաւորել Լեմքինի անբասիր վարկը՝ Կիւնկոր պնդած է, թէ՝ «նիստի աւարտին անոր յարձակողական մեկնաբանութիւններուն պատճառով զինք (Լեմքինը) դուրս հանած են սենեակէն»:

Կիւնկոր նոյնիսկ սխալ գրած էր Լեմքինի անունը:

Աւարտին թուրք քարոզիչը փորձած է ներկայացնել Հայոց Ցեղասպանութեան եւ Հրէական ողջակիզումին միջեւ եղած տարբերութիւնը: Հայոց Ցեղասպանութեան հարցերուն մէջ փորձագէտ ձեւանալէ ետք, Կիւնկոր խոստովանած է իր տգիտութիւնը՝ նշելով, որ՝ «Օսմանեան կայսրութեան վերջին շրջանին մասին դեռ շատ բան պէտք է իմանալ եւ շատ եզրակացութիւններ կատարել»:

Հակառակ ելոյթս խոչընդոտելու Կիւնկորի փորձերուն՝ խորհրդարանի ներկայացուցիչներն ու հիւրերը, ներառեալ՝ գիտնականներ, ընտրուած պաշտօնեաներ եւ հրէական համայնքի ղեկավարներ, զիս դիմաւորեցին յոտնկայս ծափահարութիւններով: Զարմանալիօրէն Կիւնկոր յայտնուեցաւ խորհրդարանէն ներս՝ լսելու ելոյթս, չվստահելով ձեռնարկը չեղեալ համարելու իր սեփական կարողութեան: Հակառակ անոր, որ ունկնդիրներուն բաւական ժամանակ տրուած էր որեւէ հարցում ուղղելու, սակայն Կիւնկոր եւ անոր երկու թուրք գործընկերները որեւէ հարցում չուղղեցին: Զարմանալիօրէն, երբ թուրքերը կը հեռանային խորհրդարանէն դահլիճին մէջ լսուեցաւ Կիւնկորի գործընկերներէն մէկուն ձայնը, որ կ՛ըսէր. «Չեմ հասկնար, թէ այսպիսի երեկոներու ի՞նչ կ՛ընենք այստեղ…»:

Միւս ելոյթներս տեղի ունեցան լեցուն դահլիճներու մէջ՝ առանց խափանման: Ըստ Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի տուեալներուն՝ Սիտնիի մէջ Ապրիլ 24ին առաջին ելոյթիս ներկայ եղած է 1100 անձ: Յաջորդ գիշեր ես երկրորդ անգամ ելոյթ ունեցայ նոյն քաղաքին մէջ: Այնուհետեւ, Ապրիլ 27ին ելոյթով հանդէս եկայ նման ձեռնարկի մը Մելպուռնի մէջ, 500 հիւրերու ներկայութեամբ:

Ճամբորդութեանս ընթացքին միակ տհաճ երեւոյթը Աւստրալիոյ վարչապետ Թոնի Ապոթի յղած ուղերձն էր Սիտնիի ոգեկոչման արարողութեան: Վերցնելով էջ մը նախագահ Օպամայի «թատերական ներկայացումներու ժողովածոյէն», Ապոթ իր հակիրճ ուղերձին մէջ, խուսափելով ցեղասպանութիւն բառէն, օգտագործեց այլ բառեր (սարսափ, ողբերգութիւն, սարսափելի իրադարձութիւններ, կորուսեալ կեանքեր): Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Վաչէ Ղահրամանեան վարչապետին նամակով մը յայտնեց, որ անոր ուղերձը պիտի չկարդայ հանրութեան դիմաց, որովհետեւ «ցեղասպանութիւն բառի կոպիտ բացթողումը մեծ վիրաւորանք է Աւստրալիոյ հայ համայնքին հանդէպ»: Ղահրամանեան յիշեցուց վարչապետին նախորդ տարուան անոր ուղերձին մասին, երբ իբրեւ ընդդիմութեան առաջնորդ՝ ան պատշաճ կերպով բնութագրած էր Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Ի տարբերութիւն վարչապետին՝ Աւստրալիոյ գանձապետ, երկրի կառավարութեան ամէնէն բարձրաստիճան նախարար Ճօ Հոքին հանդէս եկաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը յստակօրէն ճանչցող պաշտօնական յայտարարութեամբ:

Ես հեռացայ Աւստրալիայէն՝ խորապէս տպաւորուած 50 հազար կազմող հայ համայնքի քաղաքական բարձր աշխուժութեամբ, որ ծունկի կը բերէ քանակով զինք քանի մը անգամով գերազանցող, աւելի քան 200 հազար կազմող թրքական համայնքը:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

Թարգմանեց՝
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
«Եռագոյն» կայքը


comments

Advertisement