Ցեղասպանութեան դասաւանդութեան բանաձեւը կը հաստատուի Քալիֆորնիոյ ծերակոյտի յանձնաժողովին կողմէ

By Asbarez | Thursday, 19 June 2014

 

ՍԱՔՐԱՄԵՆԹՕ.- Անցեալ Չորեքշաբթի, 18 Յունիսին, Քալիֆորնիոյ Ծերակոյտի Կրթութեան յանձնաժողովը միաձայնութեամբ հաստատեց Ցեղասպանութեան դասաւանդման բանաձեւը, որուն հեղինակն է Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհուրդի անդամ Ատրին Նազարեանը:


Յանձնաժողովը 7 թեր եւ 0 դէմ քուէով հաստատեց բանաձեւը, որ կը պարտաւորեցնէ Քալիֆորնիոյ դպրոցները՝ ներառելու Հայկական Ցեղասպանութիւնը դասաւանդող նիւթեր իրենց հասարակական գիտութեանց ծրագիրներուն մէջ:

Բանաձեւը նաեւ կը քաջալերէ կրթութեան պատասխանատուները՝ մարդկային իրաւանց վե-րաբերող նիւթեր դասաւանդելու ընթացքին ներառելու նաեւ բանաւոր պատմութիւններ՝ Ողջակիզումէն, Հայկական Ցեղասպանութենէն, ինչպէս նաեւ Քամպոտիոյ, Տարֆուրի եւ Ռուանտայի ցեղասպանութիւններէն վերապրողներու յիշողութիւններէն:

Հայկական Ցեղասպանութեան դասաւանդման ծրագիրը իրենց դպրոցական կրթական ծրագիրներուն մէջ ներառած են արդէն ԱՄՆի տասնմէկ նահանգներ՝ Քալիֆորնիա, Ճորճիա, Իլինոյ, Քենսըս, Մեսեչուսեց, Մինեսոթա, Նիւ Ճըրզի, Նիւ Եորք, Օհայօ, Ռոտ Այլընտ եւ Վըրճինիա:

Բանաձեւը յառաջիկային պիտի քննարկուի Ծերակոյտի Յատկացումներու յանձնաժողովին կողմէ, որուն հաստատման արժանանալէ ետք՝ պիտի դրուի Ծերակոյտի ընդհանուր ժողովի օրակարգին վրայ:


comments

Advertisement