Նկատի առնելով, որ Սփիւռքի տարածքին հայկական վարժարանները տարուէ տարի մասնագիտացած տնօրէնական անձնակազմ (տնօրէն, փոխտնօրէն, վարչական կամ կրթական պատասխանատու) գտնելու աւելի մեծ դժուարութիւններ կ՛ունենան, եւ հետեւաբար անհրաժեշտ է քաջալերել սփիւռքահայ ուսանողը Դպրոցական վարչագիտութեան մասնագիտութիւն ընտրելու ուղղութեամբ, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը հաստատեց յատուկ կրթանպաստի դրութիւն այն Պսակաւոր Արուեստից կամ Պսակաւոր Գիտութեանց վկայականի տիրացած սփիւռքահայ խոստմնալից ուսանողներուն համար, որոնք կը փափաքին այդ մասնագիտութեան մէջ մագիստրոսական վկայականի ուսման հետեւիլ: Այս կրթանպաստին յատկանիշները հետեւյալներն են.
1. Համազգայինի կեդրոնական վարչութիւնը կրթական իւրաքանչիւր տարեշրջանի համար պատրաստ է կրթանպաստ տրամադրելու մէկ նոր ուսանողի.
2. Կրթանպաստը կը հոգայ Դպրոցական վարչագիտութեան մագիստրոսական ուսման տարիներուն կրթաթոշակը.
3. Կրթանպաստի կրնայ դիմել ամէն հայ ուսանող, որ տիրացած է Պսակաւոր Արուեստից կամ Գիտութեանց վկայականի մը: Ուսումնառութիւնը կրնայ ըլլալ անգլերէնով կամ ֆրանսերէնով: Ուսանողը պէտք է նաեւ գրաւոր կերպով խոստանայ առնուազն հինգ տարի ծառայել հայկական վարժարանի մը մէջ: Դիմողներէն կ՛ընտրուի ամենախոստմնալից թեկնածուն.
4. Կրթանպաստի դիմումնագիրը կարելի է գտնել Համազգայինի կայքին վրայ (www.hamazkayin.com):
Դիմումնագիրին ընկերակցող փաստաթուղթերուն մասին տեղեկութիւնները կարելի է գտնել դիմումնագիրի վերջաւորութեան: Կրթանպաստի մանրամասնեալ պայմանները կարելի է գտնել նոյնպէս Համազգայինի կայքին վրայ: