Քեսապի Հայկական վարժարաններու նորոգութեան համար՝ 50 հազար Եուրօ

By Asbarez | Friday, 20 June 2014

 

 


ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի Ֆրանսայի մասնաճիւղին կողմէ 50 հազար եուրօ տրամադրուած է՝ Քեսապի գրաւման ընթացքին նիւթական վնասի ենթարկուած վարժարաններու վերանորոգման համար:

Ըստ Հայաստանի Հանրային ձայնասփիւռի կայանին փոխանցած տեղեկութիւններուն՝ նուիրատուութեան սոյն գումարը պիտի փոխանցուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, որ իր կարգին՝ զայն պիտի փոխանցէ առ որ անկ է:

 


comments