By Asbarez | Monday, 23 June 2014
Ուրբաթ, կէսօրէն առաջ ժամ 11:15ին, բազմավաստակ գրականագէտ, գրաքննադատ, կրթական գործիչ եւ մտաւորական Պօղոս Սնապեանի դագաղը «Շաղզոյեան» կեդրոնին առջեւէն ուսամբաձ փոխադրուեցաւ Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցի, ուր կատարուեցաւ հանգուցեալ գրականագէտին Ազգային յուղարկաւորութիւնը՝ նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի: Առաջնորդ սրբազանը վեր առաւ Պօղոս Սնապեանի ազգային եւ մտաւորական արժանիքներն ու ներկայացուց անոր կենսագրականը:
Ապա Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ յանուն ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ ՀՅԴ Բիւրոյի դամբանական խօսքեր արտասանեցին Տիգրան Ճինպաշեան եւ Մկրտիչ Մկրտիչեան: Ցաւակցութիւններէն անմիջապէս ետք վաստակաշատ մտաւորականին մարմինը փոխադրուեցաւ Այնճար հայաւան, ուր կատարուեցաւ Ազգային եւ ժողովրդային թաղում: Խօսքեր առին Վարուժան արք. Հերկելեան եւ Յակոբ Այնթապլեան (վերջինս՝ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի անունով), որ յետ մահու Պօղոս Սնապեանը պարգեւատրեց Այնճարի շքանշանով:
comments
Կոչ Հայութեան ու Հայրենիքի Իշխանութեան
Australia Live by Armenia Media: Dr Hrayr & Arda Jebedjian
Australia Live by Armenia Media: Victor Karapetyan
Australia Live by Armenia Media: Professor Navoyan
Australia Live By Armenia Media: Reverend Sarkissian
Australia Live By Armenia Media: Zarouhi Manoukian
Australia Live By Armenia Media: Hayk Arsenyan
Australia Live By Armenia Media: Hasmik Movsisyan & Zhanna Nazaryan