Հայ հոգեւորականներ ծեծի ենթարկուեցան Իսրայէլի մէջ

By Asbarez | Monday, 23 June 2014

15 Յունիսին, Երուսաղէմի կեդրոնը գտնուող Դաւիթի աշտարակին մօտ, ոստիկանութեան բաժինի հարեւանութեամբ խումբ մը օրթոտոքս հրեաներ ծեծի ենթարկեցին երկու հայ հգեւորականներ՝ Կարապետ Հայրապետեանն ու հայր Շնորհքը։ Այս մասին յայտնեց Մենտել Կորսունսքին՝ «Նոյեան Տապան» կրթա-մշակութային կեդրոնի մամլոյ կցորդը։


Ան պատմեց, որ ինչպէս անցեալին, ներկայիս ալ Իսրայէլի ոստիկանութիւնը անտեսեց այս միջադէպը, եւ ծեծկռտուքի հեղինակները երեւան չհանուեցան։
Աւելի՛ն, ոստիկանութեան մօտ այսպիսի միջադէպերու առնչութեամբ ո՛չ մէկ հետաքննութիւն բացուած է, եւ մեղաւորներ միշտ անպատիժ մնացած են։ Բայց առաւել ուշագրաւը այն է, որ մամուլն ալ լուռ կը մնայ։ «Գրեթէ ամէն տարի այսպիսի միջադէպեր կը պատահին։ Եթէ Իսրայէլի կառավարութիւնը այնքան զբաղած է հակահրէականութեան դէմ պայքարով, որ կը մոռնայ, թէ իր տարածքին մէջ այլ ժողովուրդներ ալ կ՛ապրին, ապա թերեւս ժամանակն է որ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը Իսրայէլին յիշեցնէ այդ մասին», կը յայտնէ Կորսունսքի։
Վիճակագրական տուեալներու համաձայն՝ 1967ին հայկական թաղի բնակիչներուն թիւը 16 հազար էր, իսկ հիմա ընդամէնը 1000 հայեր մնացած են այնտեղ։


comments

Advertisement