Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան կեդրոնական վարչութիւնը

By Asbarez | Monday, 23 June 2014

 

ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Հինգշաբթի, 19 Յունիսի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոս իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Կեդրոնական վարչութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւնը, գլխաւորութեամբ Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Յակոբ Տիգրանեանի, ներկայութեամբ փոխատենապետ, պետական երեսփոխան Սեպուհ Գալփաքեանի, Կեդրոնական վարչութեան անդամ Եղիկ Ճերեճեանի եւ Շաւարշ Ակինեանի:


Մտերմիկ մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցած տեսակցութեան ընթացքին քննարկուեցան հայութիւնը հետաքրքրող շարք մը թղթածրարներ: Մասնաւոր անդրադարձ կատարուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առթիւ կազմակերպուելիք ոգեկոչման ձեռնարկներու, ներքին, համագործակցութեան Հայ Դատի հետապնդումին գծով նոր ռազմավարութիւն մշակելու առաջնահերթութիւնները հետապնդելու անհրաժեշտութեան:


comments

Advertisement