By Երկիր Մեդիա | Monday, 26 September 2011
ՊՈԼԻՍ, «Երկիր Մեդիա».- Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 19ին, Հրանդ Տինքի փաստաբանները դուրս եկած են դատարանէն, բողոքելու համար իրենց կարգ մը դիմումները մերժելու ատեանին որոշումին դէմ, մինչ դատարանէն դուրս, «Այս դատը պիտի չ՛աւարտի» գրութեամբ պաստառներով հարիւրաւոր քաղաքացիներ ցոյց կը կատարէին դատավարութեան ձգձգումներուն դէմ:
Դատավարութիւնը արդէն իսկ կ՛ընթանար առանց Տինքի ընտանիքի անդամներուն:
Միւս կողմէ, «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, թէ դատախազը կը պահանջէ ցմահ բանտարկութեան դատապարտել ամբաստանեալներէն 7ն, պնդելով, թէ ոճիրը «գաղափարական» դրդապատճառներով իրագործուած էր, եւ նպատակ ունէր անկայունութիւն սերմանել երկրին մէջ:
Ըստ դատախազին, հինգ այլ ամբաստանեալներ պէտք է 3 տարուան բանտարկութեան դատապարտուին, իսկ մնացեալ եօթն պէտք է անպարտ հռչակուին:
comments
Կոչ Հայութեան ու Հայրենիքի Իշխանութեան
Australia Live by Armenia Media: Dr Hrayr & Arda Jebedjian
Australia Live by Armenia Media: Victor Karapetyan
Australia Live by Armenia Media: Professor Navoyan
Australia Live By Armenia Media: Reverend Sarkissian
Australia Live By Armenia Media: Zarouhi Manoukian
Australia Live By Armenia Media: Hayk Arsenyan
Australia Live By Armenia Media: Hasmik Movsisyan & Zhanna Nazaryan