Հոլանտայի Խորհրդարանը Ցեղասպանութեան Մասին Բանաձեւի Նախագիծը Վաւերացուց

By ՓանԱրմինիըն | Monday, 26 September 2011

ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- Հոլանտայի հայ համայնքի ղեկավարներէն Սմբատ Մարտիրոսեան Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 21ին հաղորդած է, թէ Հոլանտայի խորհրդարանը, հայկական համանքի ջանքերուն շնորհիւ, վաւերացուցած է Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը պահանջող բանաձեւի մը նախագիծը, հակառակ այն իրողութեան, որ Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւը խոչընդոտող ուժեր կը շարունակեն անոր վաւերացումը ձախողեցնել՝ մտավախութիւն յայտնելով Թուրքիոյ եւ Հոլանտայի թրքական համայնքին հետ յարաբերութիւններու վատացման շուրջ, յատկապէս, որովհետեւ Հոլանտայի թրքական համայնքը աւելի մեծ է, քան՝ հայկականը:

«Այսօր հայ-հոլանտական յարաբերութիւնները կը գտնուին բաւական բարձր մակարդակի վրայ, ցոյց տալով, որ համայնքի մը թիւը մեծ նշանակութիւն չունի», աւելցուցած է Մարտիրոսեան:

Մարտիրոսեան նաեւ անդրադարձած է համայնքի ներքին խնդիրներուն՝ նշելով, որ համայնքը բաւական կուռ է, իսկ անոր խնդիրները սպառնալիք չեն ներկայացներ անոր գործունէութեան ու կարելի է զանոնք լուծել:

comments

Advertisement