25 Հայ ընտանիքներ վերադարձած են Մուսուլ

By Asbarez | Wednesday, 25 June 2014

Յունիս 10ին, ճիհատականներու յարձակման հետեւանքով Իրաքի Մուսուլ քաղաքէն հեռացած 65 հայ ընտանիքներէն 25ը վերադարձած է տուն: Այս մասին տեղեկութիւն փոխանցած է Հայաստանի սփիւռքի նախարարութիւնը: Ըստ նախարարութեան ներկայացուցիչին, Մուսուլի հայերէն ոչ մէկը փոխադրուած է Հայաստան, սակայն եթէ անոնք նման փափաք յայտնեն, հայկական կողմը այնպիսի օժանդակութիւն կը ցուցաբերէ, ինչպիսին ցուցաբերեց Հայաստան գաղթած սուրիահայերուն:


comments