Սուրիական բանակի սպայ Սեւակ Էօլմեսեքեանի զոհուած ըլլալը հաստատուած է

By Asbarez | Thursday, 26 June 2014

 

ՀԱԼԷՊ.- Սուրիոյ Իտլիպ նահանգի շրջակայքը, Խան Շիխուն շրջանի զօրանոցին մօտ տեղի ունեցած զինուորական մարտերուն ընթացքին Մայիս 25ին զոհուած է սուրիական բանակի դամասկոսահայ սպայ (1986ի ծնունդ) Սեւակ Էօլմեսեքեան: Զոհուելուն լուրը պաշտօնապէս հաստատուեցաւ միայն անցեալ Չորեքշաբթի:
Սեւակ սուրիական բանակի զինուորական ծառայութիւնը կատարած էր ու կը շարունակէր ծառայել իբրեւ պահեստի զինուոր զանազան շրջաններու մէջ:
Էօլմեսեքեանի հոգւոյն համար հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի Դամասկոսի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ՝ այսօր, Ուրբաթ, Յունիս 27ին:


comments