By Asbarez | Monday, 30 June 2014

Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդարանէն հաղորդագրութիւն մը կը յայտնէ, որ Շահան արք. Սարգիսեանի գլխաւորութեամբ, Բերիոյ Հայոց թեմի Ազգային իշխանութեան պատուիրակութիւնը՝ բաղկացած Ազգ. վարչութեան ատենապետ իրաւաբան Սնպուլ Սնպուլեանէ, Ազգ. վարչութեան անդամներ Զարեհ Փօլատեանէ, Յարութիւն Քիլիսլեանէ, Պետրոս Յովհաննէսեանէ, Ազգ. երեսփոխան Կարօ Եուզպաշեանէ, 23-25 Յունիս 2014ին երկօրեայ այցելութիւն մը տուած է Լաթաքիա-Քեսապ:
Բերիոյ Հայոց թեմի պատուիրակներու այս չորրորդ այցելութիւնը, առաջինն էր Քեսապ հայաւանի ազատագրումէն ետք:
Պատուիրակութեան հիմնական առաջադրանքը եղած է սուրիական բանակին կողմէ ազատագրեալ հայաւանի տարածքներու իրադրութեան վերահասու դառնալ եւ առ այդ պարտադրաբար գաղթական դարձած շրջանի հայ ազգաբնակչութեան տունդարձը հունաւորել, համայնական ճիգերու ներդաշնակ աշխատանքով եւ ծրագրումով:
«Յարգանք՝ Քեսապի եւ շրջակայքի ազատագրման համար իրենց կեանքը նուիրաբերած նահատակներուն: Մեծարանք՝ քաղաքական եւ զինուորական ղեկավարութեան: Երախտագիտութիւն՝ մեր ժողովուրդի համայն զաւակներուն, Հայաստան եւ Սփիւռք, որոնք հնարաւորութիւն չխնայեցին սատար հանդիսանալու Քեսապին եւ սուրիահայութեան: Ազատագրեալ Քեսապը կը սպասէ իր զաւակներուն վերադարձին:
Կոչ կ՛ուղղենք համայն քեսապահայութեան՝ վերադառնալու բնօրրան եւ լծուելու վերաշէնացման գործին», գրուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Բերիոյ Հայոց թեմի Ազգային իշխանութիւնը, Սուրիահայութեան շտապ օգնութեան եւ վերականգնումի մարմինը, Լաթաքիոյ եւ Քեսապի շտապի տեղական գործադիր մարմինները հետամուտ են պետական առնչակից իշխանութիւններու եւ ոչ-պետական մարդասիրական կազմակերպութիւններու գործակցութեամբ հնարաւորինս արագացնելու քեսապաբնակ մեր ժողովուրդի վերադարձը», կ՛ըսէ հաղորդագրութիւնը աւելցնելով, որ «Քեսապի վերականգնումը կը կարօտի իրատեսական, գործնական ծրագրաւորումներով համայնական ճիգերու:
«Վստահ ենք, որ մեր ժողովուրդը եւ յատկապէս քեսապահայ զաւակները, քաջակորով կերպով կը յաղթահարեն այս մարտահրաւէրը, վերստին կը ծաղկին մեր շէները եւ խաղաղութիւնը բոյն կը դնէ սուրիական հայրենիքի ամբողջ տարածքին»:
ԱԶԳ. ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
comments
Կոչ Հայութեան ու Հայրենիքի Իշխանութեան
Australia Live by Armenia Media: Dr Hrayr & Arda Jebedjian
Australia Live by Armenia Media: Victor Karapetyan
Australia Live by Armenia Media: Professor Navoyan
Australia Live By Armenia Media: Reverend Sarkissian
Australia Live By Armenia Media: Zarouhi Manoukian
Australia Live By Armenia Media: Hayk Arsenyan
Australia Live By Armenia Media: Hasmik Movsisyan & Zhanna Nazaryan