Քեսապահայերը նիւթական օանդակութիւն պիտի ստանան

By Asbarez | Thursday, 03 July 2014

 

 


ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Յառաջիկայ օրերուն քեսապահայերը նիւթական օժանդակութիւն պիտի ստանան: «Արմէնփրէս»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնած է քեսապահայ Կարօ Մանճիկեանը՝ աւելցնելով, որ բնակիչներուն ցանկը արդէն պատրաստ է, եւ յառաջիկայ 4-5 օրերուն պիտի սկսի օգնութեան բաշխումը: Անոր համաձայն՝ օգնութիւնը տրամադրած է Համահայկական բարեգործական ընկերութիւնը:

«Սուրիոյ մօտ Հայաստանի դեսպան Արշակ Փոլատեանը շօշափելի գումար փոխանցած է առաջին անգամ Քեսապ կատարած իր այցելութեան ընթացքին», նշած է Մանճիկեան՝ աւելցնելով, որ օգնութիւն տրամադրած է նաեւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, Սուրիահայ շտապ օգնութեան մարմինը, օգնութիւն տրամադրած են նաեւ այլ կազմակերպութիւններ: Օժանդակութիւնը հերթականութեամբ պիտի բաժնուի բնակիչներուն՝ անհրաժեշտ կարիքներ հոգալու պայմանները բարելաւելու համար:

Կարօ Մանճիկեան նաեւ տեղեկացուցած է, որ Քեսապի մէջ ենթակառոյցները ընդհանուր առմամբ արդէն վերականգնուած են, ի հարկէ, որոշ շրջաններու մէջ, Քեսապի մերձակայ գիւղերուն մէջ դեռ վերականգնողական աշխատանքները կը շարունակուին: 70 հաստատութիւններ հրկիզուած ու քանդուած են: Մնացած շինութիւններուն, տուներուն մասին ան յայտնած է, որ անվնաս տուն չկայ, բոլորն ալ որոշ չափով վնասներ կրած են՝ իւրաքանչիւրը որոշ չափով։
Գիւղատնտեսութեան մասին Մանճիկեան ըսած է, որ 3 ամսուան աշխատանքը կը փորձեն երեք շաբաթէն ընել: Բերքին մէկ մասը կը հաւաքեն, մարդիկ կը փորձեն արտերու մշակման աշխատանքներ կատարել: Քեսապահայ կիներուն մէկ մասը կը շարունակէ գիշերել Լաթաքիա, քանի որ բնակարանները տակաւին բնակելի վիճակի մէջ չեն։

Կարօ Մանճիկեանի համաձայն՝ Քեսապէն Լաթաքիա երթալու եւ վերադառնալու համար պասեր տրամադրուած են։

Միւս կողմէ, Լաթաքիոյ մարզպետը ու Սուրիոյ մօտ Հայաստանի դեսպան Արշակ Փոլատեանը քննարկած են Քեսապի իրավիճակը եւ օգնութիւն տրամադրելու ուղիները՝ նպատակ ունենալով կարգաւորել կենսակերպը եւ այնտեղ քաղաքացիներուն վերադարձը: «Բերիոյ Նիուզ»ի համաձայն՝ հանդիպման ընթացքին մարզպետը դեսպանին հանգամանօրէն ներկայացուցած է ահաբեկչական յարձակման հետեւանքները, աւերը՝ դիտել տալով, որ վնասին չափը շուրջ 512 միլիոն սուրիական ոսկի է: Մարզպետը կոչ ուղղած է Հայաստանին՝ օժանդակելու գիւղաքաղաքի վերակառուցման, յատկապէս որոշ սարքաւորումներով՝ նկատի առնելով Սուրիոյ տնտեսական շրջափակումը:

Մարզպետը պարզաբանած է, որ 70 տոկոսով վերականգնուած են Քեսապի հիմնական ենթակառոյցները: Ապա ան կոչ ուղղած է մնացածներուն նոյնպէս վերադառնալու իրենց տուներ, յատկապէս գիւղատնտեսական գործունէութեան, ուր բնակիչները փոխհատուցում պիտի ստանան գողցուած արտահունձքերու համար, ինչպէս նաեւ պիտի ստանան անվճար թունաքիմիակատներ: Մարզպետ Ահմետ Շէյխ Ապտ Քատիր հաստատած է, որ մարզպետարանը պատրաստ է կարելիութեան սահմաններուն մէջ ամէն ինչ ընելու՝ օգնելու Քեսապի վերականգնման աշխատանքին:

Իր կարգին, դեսպան Փոլատեան նշած է, որ իր երկիրը դատապարտած է ամէն տեսակի ահաբեկչութիւն: Փոլատեան հաստատած է, որ իր երկրի կառավարութիւնը եւ ժողովուրդը պատրաստ են կարելի բոլոր միջոցներով օգնելու Քեսապին եւ բնակիչներուն: Դեսպանը հպարտութեամբ նշած է Սուրիոյ եւ Հայաստանի միջեւ բարեկամական յարաբերութիւններու մասին եւ յայտնած է, որ նախագահական ընտրութիւններուն Պաշշար Ասատի յաղթանակը սուրիացի ժողովուրդին կամքի դրսեւորումն է:

 


comments

Advertisement