Ֆրանսայի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած յուշարձանը՝ պղծուած

By Asbarez | Tuesday, 08 July 2014

 

Լիոնէն ոչ հեռու գտնուող Վիլիւրպան քաղաքի Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշարձանը բարբարոսութեան ենթարկուած է:
Հանուած են յուշարձանին վրայ տեղադրուած գրութեան տառերէն քանի մը հատը, ինչ որ անկարելի դարձուցած է կարդալ այդ գրութիւնը, որ կը վերաբերի Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման:


Յուշարձանը կանգնեցուած է 23 Ապրիլ 2005ին՝ Ցեղասպանութեան 90ամեակին առիթով Վիլիւրպանի քաղաքապետ Ժան-Փոլ Պրեթի կողմէ: Ասիկա բարբարոսութեան երկրորդ դէպքն է՝ ուղղուած հայկական համայնքին դէմ:

Շաբաթ մը առաջ պղծուած էր Համաշխարհային Բ. պատերազմի հերոս Միսաք Մանուշեանի Մարսէյի մէջ գտնուող կիսանդրին: Անյայտ անձեր նացիական խաչ նկարած էին նացիականութեան դէմ պայքարած հերոսի կիսանդրիին վրայ:

Ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու կազմակերպիչ խորհուրդը դատապարտած է այս երկու արարքները այդ առիթով հրապարակած յատուկ հաղորդագրութեամբ՝ զանոնք որակելով իբրեւ այսօրուան թրքական կառավարութեան ժխտողական քարոզչութեան հետեւանք, որովհետեւ «Ցեղասպանութեան ճանաչման դէմ պայքարիլը կը հանդիսանայ անոր արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւնը»:

«Համայնքին դէմ գործուած այս երկու ընդվզեցուցիչ արարքները առիթ տուած են ֆրանսահայ կազմակերպութեան յիշեցնելու ժխտողականութեան դէմ օրէնք ընդունելու այն յանձնառութիւնը, որ ստանձնած էին Ֆրանսայի ներկայիս, ինչպէս նաեւ նախկին իշխանութիւնները», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

 


comments

Advertisement