Քեսապահայութեան տրամադրուած օգնութիւնները սկսած են բաժնուելու բնակիչներուն

By Asbarez | Wednesday, 09 July 2014

 

 


ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Քեսապին յատկացուած օժանդակութիւնները սկսած են բաժնուելու բնակիչներուն: «Արմէնփրէս»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնած է քեսապահայ Կարօ Մանճիկեանը՝ ա-ւելցնելով, որ առաջին նպաստները պիտի տրամադրուին տուներու վերանորոգութեան տարբեր աշխատանքներուն:

Յաջորդ օժանդակութիւնը պիտի յատկացուի գիւղատնտեսութեան, արհեստանոցներու վերականգնման, անհրաժեշտ սարքաւորումներ գնելու համար: Կարօ Մանճիկեանի համաձայն՝ առաջին օժանդակութիւնը, որ կը բաժնուի բնակիչներուն, տրամադրուած է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան կողմէ: «Այսպէս հերթականութեամբ բոլոր օգնութիւնները պիտի յատկացուին քեսապցիներուն, եւ կեանքը աստիճանաբար բնականոն հունով պիտի ընթանայ», նշած է Մանճիկեան: Ան նաեւ տեղեկացուցած է, որ Սուրիոյ Կարմիր մահիկ կազմակերպութիւնը բնակիչներուն կենցաղային իրեր տրամադրած է: Անհրաժեշտ իրեր պարունակող փոքր կապոցներու օգնութիւն տրամադրուած է նաեւ յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ կողմէ:

Կանայք կը շարունակեն մաքրութեան աշխատանքներ կատարել բնարականներուն մէջ: Բերքին մասին խօսելով՝ Մանճիկեան նշած է, որ այս տարուան խնձորի բերքը լաւ է: Այդ հանգամանքը մխիթարական է բնակիչներուն համար:

 


comments