ԹԻՖԼԻՍ.- Կիրակի, 20 Յուլիսին, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Վիրահայոց թեմի տարածած հաղորդագրութենէն կը տեղեկանանք, որ Շաբաթ, 19 Յուլիսին Թիֆլիսի Ս. Էջմիածին եկեղեցւոյ քահանայից դասին, թեմի պաշտօնէութեան եւ հաւատացեալներուն վրայ ծրագրուած յարձակում մը կատարուած է խումբ մը մարդոց կողմէ:
Ըստ հաղորդագրութեան՝ Շաբաթ կէսօրին, եկեղեցւոյ կից գտնուող ինքնաշարժներու կառատունի մը մէջ վիճաբանութիւն ծագած է վրացի կնոջ մը ու անոր ծանօթներուն եւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին ու թեմի պաշտօնեաներուն միջեւ: Երեկոյեան, նոյն խումբը, հաւաքելով շուրջ 50 հոգի՝ յարձակած է Մանուկ քհնյ. Զէյնալեանի, թեմի իրաւական հարցերով եւ համագործակցութեան բաժինի տնօրէն Լեւոն Իսախանեանի եւ Ռոպերթ Իսախանեանի վրայ: «Յարձակողները իրենց հետ տարած են հոգեւորականներէն մէկուն լանջախաչը», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:
«Ականատեսները կը պատմեն, թէ եկեղեցւոյ վրայ յարձակողները ինչպիսի ազգային ատելութեամբ լեցուած եղած են հայութեան նկատմամբ: Անոնցմէ ոմանք եղած են ոգելից ըմպելիներու եւ թմրեցուցիչի ազդեցութեան տակ:
Այս ամէնը Վրաստանի բազմաթիւ եկեղեցիներուն մէջ, նաեւ լրատուութեամբ, կենցաղային մակարդակով հայ եկեղեցւոյ եւ ընդհանրապէս հայութեան նկատմամբ սերմանուող ատելութեան արդիւնքն է», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Երէկ, Մայր աթոռ Սուրբ Էջմիածինը իր կարգին յայտարարութեամբ մը հանդէս եկաւ, իր խոր մտահոգութիւնը յայտնելով կատարուածի առնչութեամբ եւ դատապարտելով «ազգային թշնամանք եւ կրօնական անհանդուրժողականութիւն հրահրող այս գործողութիւնը»:
«Վիրահայոց թեմի ներկայացրած տեղեկատուութեան համաձայն, սոյն թուականի Յուլիսի 19ին, Թբիլիսիում, ծայրայեղ ազգայնական տրամադրուածութեամբ շուրջ 50 անձանց կողմից ոտնձգութիւն է կատարուել Հաւլաբարի Սուրբ Էջմիածին եկեղեցու նկատմամբ, որի ընթացքին անարգալից ու հայհոյական արտայայտութիւնների ուղեկցմամբ ծեծի են ենթարկուել եկեղեցու սպասաւոր տէր Մանուկ քահանայ Զէյնալեանը, թեմի պաշտօնեաներ եւ այդ պահին եկեղեցում գտնուող հայ հաւատացեալներ:
Սադրիչ սոյն ոտնձգութիւնը ցաւալի հետեւանքն է վերջին տարիներին Վրաստանում տարբեր կազմակերպութիւնների ու անհատների՝ այդ թւում վրաց որոշ հոգեւորականների կողմից տարածուող հակահայկական տրամադրութիւնների:
Ծայրայեղական նման դրսեւորումները անյարիր են հայ եւ վրաց ժողովուրդների բարեկամական յարաբերութիւնների ոգուն, որը պատմական մեր ընդհանուր անցեալի թանկ ձեռքբերումներից է:
Մայր աթոռ Սուրբ Էջմիածնի ակնկալութիւնն է, որ Վրաստանի իշխանութիւնները պատասխանատուութեան ենթարկեն եկեղեցու հանդէպ ոտնձգութիւն կատարած բոլոր անձերին եւ ապահովեն Վրաստանում հայ եկեղեցու եւ հայ համայնքի անվտանգութիւնն ու կեանքի բնականոն ընթացքը», նշուած է Մայր աթոռի հաղորդագրութեան մէջ: