Քեսապի Գարատուրան շրջանի Հայկական եկեղեցին վերստին օծուեցաւ

By Asbarez | Tuesday, 29 July 2014

 

Ուրբաթ, 25 Յուլիսին, Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան կատարեց Քեսապի Գարատուրան շրջանի հայկական Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ վերաօծման արարողութիւնը:


Կիրակի, 27 Յուլիսին, սրբազան հայրը Քեսապի ազատագրումին յաջորդող առաջին Ս. եւ անմահ պատարագը մատուցեց նշեալ եկեղեցւոյ մէջ՝ Վարդավառի տօնին առթիւ՝ հոծ բազմութեան մը նրեկայութեան:

Իր կատարած այցելութիւններուն ընթացքին, սրբազան հայրը հաւատացեալ ժողովուրդին փոխանցեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին օրհնութիւններն ու անվերապահ զօրակցութիւնը: Առաջնորդ սրբազանը մօտէն տեղեակ դարձաւ տեղափոխուած քեսապցիներու դժուարութիւններուն ու կարիքներուն, որպէսզի համապատասխան անհրաժեշտ միջոցներն ու օժանդակութիւնները տնօրինուին:

 


comments