Ոչ եւս է խմբավար Սեպուհ Աբգարեան

By Asbarez | Tuesday, 05 August 2014

 

 

Յետ կարճատեւ հիւանդութեան եւ վաստակաշատ ու բեղմնաւոր կեանքի, «Գոհար»ի մեծ ընտանիքին, Մելգոնեան կրթական հաստատութեան, իր սիրելի աշակերտներուն, բարեկամներուն ու երկրաւոր կեանքին հրաժեշտ տուաւ սփիւռքահայ արուեստագէտներու եւ մանկավարժներու ամէնէն պայծառ եւ ինքնատիպ դէմքերէն մին՝ մայէսթրօ Սեպուհ Աբգարեանը: Երեքշաբթի, 5 Օգոստոս 2014ի կանուխ ժամերուն, Նիկոսիոյ իր բնակարանին մէջ ան իր աչքերը փակեց։
Սեպուհ Աբգարեանի անդարձ մեկնումը կը սգան «Գոհար» համոյթի մեկենաս՝ Խաչատուրեան ընտանիքը, համոյթի բոլոր անդամներն ու պատասխանատուները, ինչպէս նաեւ Մելգոնեան կրթական հաստատութեան աշխարհատարած սան-սանուհիները:

 


comments

Advertisement