Արամ Ա. Կաթողիկոսի հովուապետական այցելութիւնը Յունաստան

By Asbarez | Monday, 11 August 2014

 

 

Սեպտեմբեր ամսուան վերջաւորութեան Աթէնք, Թեսաղոնիկէ եւ Գոմոթինի հովուապետական այցելութիւն պիտի տայ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա.:
Այցելութիւնը նախատեսուած է Սեպտեմբեր 22-30 շաբթուան ընթացքին: Վեհափառին պիտի ընկերակցին Գերպ. Յուսիկ Ծ. վրդ. Մարտիրոսեան (միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց վարիչ եւ տեղեկատուական բաժանմունքի պատասխանատու) եւ Հայ եկեղեցւոյ համալսարանական ուսանողներու միութեան (ՀԵՀՈՄ) հոգեւոր խորհրդատու Նշան աբղ. Լախոյեան:

Վեհափառին այցելութիւնը Գոմոթինիի մէջ պիտի նշանաւորէ տեղւոյն Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ 180ամեակի տօնակատարութեանց շարքը ու միաժամանակ խթանիչ ազդակ պիտի դառնայ յունահայ գաղութի հոգեւոր, ազգային, կրթական կեանքի ու քաղաքական-յարաբերական բնագաւառներուն մէջ:

Յունահայոց առաջնորդ Խորէն արք. Տողրամաճեանի եւ Ազգային վարչութեան կողմէ արդէն տարուած աշխատանքի ու նախապատրաստութեան հիմամբ՝ ընդլայնուած ծրագիր մը մշակուած է եւ նախատեսուած են հանդիպումներ Աթէնքի եւ համայն Յունաստանի արքեպիսկոպոս Իէրոնիմոս սրբազանին հետ, Թրակիոյ եւ Թեսաղոնիկէի մետրոպոլիտներուն, յունահայ համայնքի կառոյցներուն եւ ժողովուրդին հետ, ինչպէս նաեւ հանդիպումներ Յունաստանի քաղաքական կեանքի բարձրապաշտօն կառավարական դէմքերու հետ ու դասախօսական ելոյթներ:

 


comments