Հալէպի մէջ դարձեալ անմեղ Հայ զոհեր կ՛արձանագրուին

By Asbarez | Monday, 11 August 2014

 

 

ՀԱԼԷՊ, «Գանձասար».- Շաբաթ 9 Օգոստոս 2014ի երեկոյեան, զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներու կողմէ Նոր Գիւղի շրջանին վրայ արձակուած կազի տակառի պայթումին պատճառով զոհուեցան Մելքոն Պալեանն ու Յարութիւն Սարգիսեանը: Պայթումին պատճառով արձանագրուեցան նաեւ վիրաւորներ եւ նիւթական լուրջ վնասներ:

Նոյն օրը, ժամեր անց իր մահկանացուն կնքեց նաեւ վերոյիշեալ պայթումին ընթացքին ծանրօրէն վիրաւորուած Ժիրայր Պալեանը՝ զոհուած Մելքոն Պալեանի եղբայրը: Զոհուած հայորդիներու յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցաւ Կիրակի 10 Օգոստոս 2014ին, Նոր Գիւղի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ:

Երկուշաբթի, 12 Օգոստոսին, զօրաւոր պայթում մը ցնցեց Նոր Գիւղի շրջանը, ուր ահաբեկչական խմբաւորումներու կողմէ կազի տակառ մը նետուեցաւ Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի Ընկերաբժշկական կեդրոնի հանդիպակաց պողոտային վրայ: Մարդկային վնասներ չկան:

 


comments