By Asbarez | Tuesday, 12 August 2014
Հակառակ Հալէպի մէջ տիրող քաղաքական եւ կենցաղային ծանր պայմաններուն՝ ի մասնաւորի Նոր Գիւղ շրջանի ապահովական դժուարութիւններուն, Սուրիահայ Օգնութեան Խաչը կը շարունակէ իր առաքելութիւնը, իրագործելով ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան եւ Միաւորներու ներդրումով ՀՕՄի ծրագիրները:
Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական վարչութեան նախաձեռնութեամբ «Պնակ մը տաք ճաշ» ծրագիրը, ծնունդ առած Սուրիոյ տագնապի սկզբնական օրերուն՝ Հոկտեմբեր 2012ին, կարիքաւոր, բազմազաւակ ընտանիքներու եւ անկարող տարեցներու ուղղուած այս ծրագիրը, շաբաթական 300 անձի տաք եւ լիարժէք սնունդով ճաշ կը մատակարարէ: Քաղաքի շրջափակման եւ սննդանիւթերու սակաւութեան ամենածանր օրերուն իսկ անընդհատ շարունակուած այս ծրագիրը, Նոր Գիւղ շրջանի եւ ՍՕԽի Ընկերաբժշկական կեդրոնի կրած վնասներուն հետեւանքով կարճ ժամանակ ակամայ դադրեցաւ: Յունիս 19, 2014ին, ՍՕԽի Շրջանային վարչութեան ճիգերով, կարելի եղաւ վերականգնել սոյն ծրագիրը՝ «Սիմոն Վրացեան» կեդրոնի «Գառնի» ճաշասրահին մէջ, ուր ներկայիս շաբաթական երկօրեայ դրութեամբ տաք ճաշ կը մատուցուի կարիքաւորին:
ՀՕՄի ԱՄՆ Արեւելեան շրջանի «Երաշխաւորէ Սուրիահայ Ընտանիք Մը» ծրագիրի երրորդ փուլը գործադրուեցաւ Հինգշաբթի, 3 Յուլիս 2014ին, «Արամ Մանուկեան» Ժողովրդային տան «Լեւոն Շան»չ սրահին մէջ: Նորածին երեխայ ունեցող քառասուն ընտանիքներու տրամադրուեցաւ 4000 ԱՄՆ տօլար, իւրաքանչիւր ընտանիքին յատկացնելով 100 տոլար:
Սուրիահայ օժանդակութեան աշխատանքներուն ծիրին մէջ, ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութիւնը երկու յաջորդական տարիներ նիւթական յատուկ յատկացումով կ՛օժանդակէ նաեւ ՍՕԽի խնամատարական աշխատանքներուն, համաձայն որուն՝ 250 ընտանիքներ ամսական դրութեամբ կը ստանան սննդակողովներ կամ կենցաղային անհրաժեշտ նիւթեր: Ընթացիկ ամսուան մէջ, սննդեղէնի օժանդակութեան փոխարէն, Ուրբաթ, Յուլիս 25 2014ին, ՍՕԽի Ընկերաբժշկական կեդրոնէն 250 կարիքաւոր ընտանիքներ ստացան նիւթական օժանդակութիւն:
ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան նախաձեռնութիւններով եւ աշխարհասփիւռ միաւորներու անվերապահ աջակցութեամբ հզօրացած, Սուրիահայ Օգնութեան Խաչը կենցաղային ծանր պայմաններու տակ իսկ կը շարունակէ նեցուկ կանգնիլ կարիքաւորին: Վերոնշեալ ծրագիրներուն կողքին, ՀՕՄը կը շարունակէ նպաստել հայկական վարժարաններուն՝ «Դպրոց» ֆոնտին միջոցաւ: Առաւելաբար, 2013ին հաստատուած «Տաքուկ Բնակարան» ծրագիրը, ձմրան ընթացքին, ջեռուցման անհրաժեշտ վառելանիւթով կ՛ապահովէ լուրջ դժուարութիւններ դիմագրաւող հալէպահայ կարիքաւոր ընտանիքները:
ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութիւնը բարձր գնահատել ով ՀՕՄի համակիրներուն եւ միաւորներուն նուիրեալ աշխատանքը, կը շարունակէ քաջալերել անոնց ներդրումը մարդասիրական օժանդակութեան ծրագիրներու յաջողութեան մէջ:
comments
Կոչ Հայութեան ու Հայրենիքի Իշխանութեան
Australia Live by Armenia Media: Dr Hrayr & Arda Jebedjian
Australia Live by Armenia Media: Victor Karapetyan
Australia Live by Armenia Media: Professor Navoyan
Australia Live By Armenia Media: Reverend Sarkissian
Australia Live By Armenia Media: Zarouhi Manoukian
Australia Live By Armenia Media: Hayk Arsenyan
Australia Live By Armenia Media: Hasmik Movsisyan & Zhanna Nazaryan