Ղեկավարներու պատրաստութեան Բ. խորհրդաժողով՝ «Հարաւային Ամերիկայի Մէջ Հայ Ինքնութիւնը 21րդ Դարուն»

By Asbarez | Tuesday, 19 August 2014


 

ՊՈՒԷՆՈՍ ԱՅՐԷՍ («Արմենիա» թերթ).- Հ.Յ.Դ. Հարաւային Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի կազմակերպութեամբ, Շաբաթ 16 եւ Կիրակի 17 Օգոստոսին, Արժանթինի մայրաքաղաք՝ Պուէնոս Այրէսի մէջ տեղի ուեցաւ Ղեկավարներու Պատրաստութեան Բ. Խորհրդաժողովը՝ «Հարաւային Ամերիկայի մէջ հայ ինքնութիւնը 21րդ դարուն» ընդհանուր խորագրով։ Սեմինարը տեղի ունեցաւ Հ.Յ.Դ. «Էտուարտօ Սէֆէրեան» Ակումբին մէջ, եւ համախմբեց աւելի քան 120 հոգի, որոնց կարգին Հ.Յ.Դաշնակցութեան, Հ.Յ.Դ. Արմենիա Երիտասարդական Միութեան, Հ.Օ.Մ.ի, Հ.Մ.Ը.Մ.ի եւ Համազգայինի անդամներ Պուէնոս Այրէսէն, Գորտոպայէն, Մոնթէվիտէոյէն (Ուրուկուայ) եւ Սան Փաւլոյէն (Պրազիլ), ինչպէս նաեւ արժանթինեան Ռոսարիօ եւ Նէուքէն քաղաքներէն ժամանած հրաւիրեալներ, հայկական վարժարաններու տնօրէններ եւ ուսուցչուհիներ, եւ համայնքի այլ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ։

Երկօրեայ խորհրդաժողովին Գանատայէն մասնաւորապէս հրաւիրուած էր Մոնթրէալ քաղաքի Սուրբ Յակոբ Ազգային Վարժարանի պատասխանատու՝ Մհեր Գարագաշեան։

Շաբաթ, Օգոստոս 16ին, բարի գալուստի եւ բացման խօսքը փոխանցեց Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ՝ Խաչիկ Տէր Ղուկասեան։

Այդ օրուայ «Հայեցի դաստիարակութիւն. Համամարդկային արժէքներու, ազգային գիտակցութեան եւ քաղաքացիական պատասխանատուութեան եռակի յանձնառութեան համակարգման խնդիրներ» նիւթով բաժնի առաջին նիստը ներկայացուց Մհեր Գարագաշեան։

Կէսօրէ ետք ներկայացուեցաւ «Հայեցի դաստիարակութեան առիթներ եւ մարտահրաւէրներ Հարաւային Ամերիկայի մէջ» նիւթը, բաժնուած երեք սեղաններու՝ «Կրթական դասացուցակի բովանդակութեան համարկում եւ հայեցի դաստիարակութիւն», «Հայոց լեզուի դասաւանդութիւն» եւ «Դասաւանդութիւնը եւ հայոց գեղարուեստի ու մշակոյթի արտադրումը»։

Կիրակի, Օգոստոս 17ին, «Քաղաքական համարկում» ընդհանուր նիւթը ներկայացուեցաւ երեք սեղաններով։ «Հայաստանէն արտագաղթ եւ համայնքային հաստատութիւններու դերը» նիւթը ներկայացուցին Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպան՝ Վահագն Մելիքեան, Հայց.Առաք. Եկեղեցւոյ Հայր Սուրբ Մաղաքիա վրդ. Ամիրեան, Արժանթինեան-Հայկական Առեւտուրի Պալատի քարտուղար՝ Միկէլ Յարութիւնեան, եւ Հայոց Աւետարանչական Եկեղեցւոյ պատուելի՝ Արա Մխիթարեան, տոքթ. Խաչիկ Տէր Ղուկասեանի համադրութեամբ։ «Մասնակցութիւն քաղաքական գործընթացներու» նիւթը ներկայացուցին Պրազիլի Իրաւաբաններու Միութեան անդամ՝ տոքթ. Էվէրթոն Սիմոն Զատիկեան եւ Արժանթինի Ի.Ն.Ա.Տ.Ի.ի նախագահի տեղակալ՝ Փետրօ Մուրատեան, փրոֆ. Օննիկ Թամճեանի համադրութեամբ։ Վերջաւորութեան, «Հայրենիքի հետ մնայուն կապ - Հայաստանի մէջ կամաւոր աշխատանքի փորձառութիւնը» նիւթը ներկայացուցին երիտասարդներ Թալին Լէյլէք, Խուլիէթա Օխունեան, Պէաթրիս Արսլանեան եւ Խուան Գարակէօզեան, որոնք Հայաստան եւ Արցախ կամաւոր աշխատանք կատարած են, Ռազմիկ Նալպանտեանի համադրութեամբ։

Երկօրեայ այս յաջող խորհրդաժողովը վերջ գտաւ երեկոյեան, Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ՝ Խաչիկ Տէր Ղուկասեանի փակման խօսքերով։


comments

Advertisement