Տերսիմի Շորտա գիւղի բոլոր բնակիչները Հայ են

By Asbarez | Tuesday, 02 September 2014

 

«Ակօս» թերթի հայերէն յաւելուածի խմբագիրներէն Բագրատ Էսդուգեան Օգոստոսի սկիզբը Տերսիմի Մնձուրի փառատօնի օրերուն այցելած է նաեւ Տերսիմի Շորտա գիւղը, ուր ան յայտնաբերած է, թէ գիւղի բնակչութիւնը ամբողջութեամբ հայերէ կը բաղկանայ:


Էսդուգեան կը գրէ.

«Սակայն այդ բոլորին մէջ արտակարգօրէն ցայտուն եւ եզակի դարձաւ Մազկերտի հայկական Շորտա գիւղի խրախճանքը, ուր ծանօթացանք գիւղի բնակիչներուն հետ եւ պարզուեցաւ, թէ ամբողջ գիւղը հայերէ կը բաղկանայ. մէկ մասը հպարտութեամբ կը յայտնէ այդ պատկանելիութիւնը, իսկ մէկ մասն ալ կը գոհանայ «հայրս հայ է» կամ «պապս հայ է» ըսելով:

Գիւղի հրապարակին վրայ ամբողջ ժողովուրդը շուրջպար էր բռնած, իսկ գիւղի կանայք խորոված միսով ու սիսեռով պատրաստուած Տերսիմի խոհանոցին յատուկ ճաշեր կը սպասարկէին ներկաներուն: Ահա այդ թոհուբոհին մէջ յանկարծ պարզուեցաւ հսկայ «աֆիշ» մը, որուն վրայ պատկերուած էին նախորդ տարուան Մայիսին «Կեզի» զբօսայգիի ցոյցերուն ժամանակ երկրի տարբեր քաղաքներուն մէջ զոհուած երիտասարդներու դիմանկարները, որոնք եւս ծափողջոյններով դիմաւորուեցան բոլորին կողմէ:

Ինչպէս ամէն ուրախութիւն, ժամերը յառաջացան ու Շորտա գիւղի խրախճանքն ալ հասաւ իր աւարտին: Ետ դարձի պահը հասած էր, երբ նկատեցի մեր բարեկամուհիներէն մին, որ նստած կը շաղակրատէր գիւղի կանանց հետ: Զգուշացուցի, թէ՝ կ՛երթանք:

«Դուք գացէք, ես հոս եմ, հարսիս մօտ կը մնամ», պատասխանեց, բայց զարմանքս նկատելով՝ կողքիս երիտասարդ կինը ցոյց տալով բացատրեց, թէ ան կողակիցն է իր սիրելի մէկ բարեկամին, որ Պելճիքա կը բնակի ու քաղաքական մտավախութիւններով կը խուսափի Թուրքիա գալէ:

Քանի որ հարսեր ալ ունինք այս գիւղէն, ուրեմն կասկած չունիմ, որ Շորտա կը շարունակէ պահել իր հայկական դիմագիծը»:


comments

Advertisement