Աղթամարի Ս. Խաչ եկեղեցին դարձեալ ապրեցաւ եւ ապրեցուց հոգեշունչ ժամեր

By Asbarez | Tuesday, 09 September 2014

 

ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Կիրակի, Սեպտեմբեր 7ին, Վանի մէջ տպաւորիչ ու ներշնչող մթնոլորտով կայացաւ այս տարուան Աղթամարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ ուխտագնացութիւնը։ Կարելի է ըսել, որ այս տարի իրականացաւ ամէնէն փայլուն արարողութիւններէն մէկը, որուն մէջ բնականաբար իր կարեւոր դերակատարութիւնը ունէր յունաց Պարթոլոմէոս սրբազան պատրիարքի ներկայութիւնը։ Յունաց պատրիարքը առանձինն չէր։ Որպէս հիւր՝ Արամ սրբազանի կողքին կը մասնակիցէին նաեւ ասորիներու Եուսուֆ Չեթին առաջնորդը եւ Ամերիկայի Հայոց Արեւելեան թեմի առաջնորդ Խաժակ արք. Պարսամեանը։


Արամ եւ Պարթոլոմէոս սրբազաններն ու միւս հիւրերը Շաբաթ կէսօրուան օդանաւով Վան գացին ու դիմաւորուեցան ոստիկանական շքախումբի մը կողմէ, որ հսկեց անոնց դէպի քաղաք ուղեւորութիւնը։ Հիւրերը ապա այցելելցին Վանի Կեւաշ շրջանի քաղաքապետ Սինան Հաքանին։ Արամ սրբազան շնորհակալութիւն յայտնեց ցուցաբերուած ընդունելութեան համար եւ ըսաւ, որ կ՛աղօթէ երկիրի անդորրութեան համար՝ յոյս յայտնելով, որ շուտով լուծում մը գտնուի նաեւ հաշտութեան գործընթացին։

 


Սինան Հաքան պատասխանեց, որ շատ երջանիկ է, թէ երեք համայնքներու կրօնապետները կ՛ընդունի Վանի մէջ, աւելցնելով, որ Վանի մէջ ուրիշ հայկական եկեղեցիներ ալ կան, եւ արդէն իսկ աշխատանք ձեռնարկուած է, որպէսզի ապահովուի անոնց վերանորոգութիւնը։

Պարթոլոմէոս պատրիարքը իր կարգին ըսաւ, թէ շատ երջանիկ է, որ կրցաւ ընդառաջել Արամ սրբազանի հրաւէրին ու մասնակցիլ այս ուխտագնացութեան։ Ան աւելցուց, որ յաճախակի առիթներ չունի այցելելու արեւելեան նահանգները, ուստի՝ այս մէկը շատ արժէքաւոր փորձառութիւն մըն է։

 

ԿԻՐԱԿԻ ՕՐՈՒԱՆ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԸ

Աղթամարի եկեղեցւոյ նորոգութենէն ի վեր, այս մէկը հինգերորդ արարողութիւնն էր եւ այս անգամ «Լուսաւորի»չ երգչախումբն էր, որ իր դրոշմը կը դնէր երգեցողութիւններուն վրայ՝ խմբավարութեամբ Յակոբ Մամիկոնեանի։ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ առաւօտեան երգեցողութիւնները սկսան կանուխ ժամերէն, իսկ պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ սրբազանը, իր կողքին ունենալով Պարթոլոմէոս պատրիարքն ու Եուսուֆ Չեթինը՝ Կեւաշէն կղզի ելաւ ու ժամը 10ին մուտք գործեց եկեղեցի։ Պատարագը սկսած էր Եղիշէ վրդ. Ուչքունեանի ձեռամբ ու երգչախումբի երգեցողութեամբ։ Եկեղեցին ամբողջովին լեցուն էր ու մաս մը ժողովուրդ դուրսը մնացած էր։ Հաղորդուեցաւ, որ 11 հանրակառքերով ուխտաւորներ եկած էին Հայաստանէն։ Կային նաեւ Ամերիկայէն ու Լիբանանէն եկողներ։ Արտասահմանէն ժամանած էր նաեւ Վազգէն Ծ. վրդ. Գարայեան։

 


Օրուան քարոզը փոխանցեց Ուչքունեան հայր սուրբը։ Իսկ «Տէր Ողորմեա»էն ետք խօսեցաւ Արամ սրբազան, որ ամէնէն առաջ ողջունեց ներկայութիւնը Պարթոլոմէոս սրբազանին՝ դիտել տալով, որ ասիկա առաջին անգամ էր, որ հոս միասին կը գտնուին որպէս երկու եկեղեցիներ։ «925ին կառուցուած այս եկեղեցւոյ մէջ ենք՝ աղօթելու համար վասն երկրի ու աշխարհի խաղաղութեան, աղօթելու, որպէսզի կռիւները դադրին Կազայի, Իրաքի, Սուրիոյ մէջ, ու տիրապետեն բարեկամութիւնն ու եղբայրութիւնը», ըսաւ Արամ սրբազան։

Ան աւելցուց, որ այսօր պատմական օր մը կ՛ապրինք ու կը փաստենք, թէ մենք միջկրօնական որեւէ խնդիր ու հակամարտութիւն չունինք։ Ուշագրաւ էր նաեւ, որ ներկաներուն մեծամասնութիւնը Ս. հաղորդութիւն ստացաւ։

Արարողութեան ներկայ էին նաեւ Վանի մայր քաղաքապետութեան համանախագահներ Հաթիճէ Չոլաք եւ Պեքիր Գայա։ Եկեղեցիէն դուրս ելոյթ ունեցաւ Պեքիր Գայա, որ ըսաւ. «Այսօր մեր գլխաւոր պարտականութիւնն է լաւագոյն կերպով հիւրասիրել մեր հայ եղբայրները։ Անցեալի մէջ շատ լուրջ պատահարներ ապրուեցան, այդ պատճառաւ ալ այս արարողութիւնը մեզի համար շատ կարեւոր էր»։

Այնուհետեւ կատարուեցաւ Անդաստանի արարողութիւն։ Ինչպէս ծանուցուած էր, կազմակերպուեցաւ նաեւ շատ հետաքրքրական համերգ մը՝ մասնակցութեամբ Վանի «Տենկպեժ Կարին» աշուղ կիներու եւ Հայաստանի «Լէյլի» երգչախումբի աշուղ կիներու, որոնք քրտերէն, թրքերէն ու հայերէն երգեր երգեցին՝ բոլորն ալ կրելով իրենց շրջանային տարազները ու հրամցնելով շրջանային պարեր։ Հիւրերը այցելեցին նաեւ հայ մշակոյթը ցոլացնող լուսանկարներու ցուցահանդէս մը, որ բացուած էր այս առիթով։

Այս կերպով, Վան քաղաքի ու Աղթամար կղզիի երկինքը քանի մը ժամ լեցուեցաւ հայ երգի ու աղօթքի շնորհներով։ Բոլոր ուխտաւորները երջանիկ էին ու կը զգային, թէ անցեալէն փչող հով մը կը զովացնէր իրենց հոգին։

Եկեղեցական ու աշխարհիկ հանդիսութիւններու աւարտին, հոգեւորականներու խումբը եւ ուխտաւորները, նաեւ Վանի ժողովուրդէն հատուած մը ներկայ գտնուեցան Կեւաշի քաղաքապետ Սինան Հաքանի կողմէ սարքուած ճաշին, որ անցաւ շատ մտերմիկ մթնոլորտի մը մէջ։ Անոր ընթացքին ուղերձ մը կատարեց Պարթոլոմէոս սրբազանը, որ ըսաւ. «Մենք ալ երկրի ու աշխարհի խաղաղութեան համար կ՛աղօթենք»։

Խանդավառ ելոյթ մը ունեցաւ նաեւ Սինան Հաքան, որ յայտնեց, թէ միասնաբար կ՛աղօթենք հաշտութեան ու խաղաղութեան համար։ «Մեր նախնիները հազարաւոր տարիներ միասին եղբայրաբար ապրեցան, ապրեցան սիրտ սիրտի, ուս ուսի, ապրեցան բարեկամութեամբ ու եղբայրութեամբ։ Մենք անոնց ստեղծած քաղաքակրթութեան մէկ մասնիկն ենք։ Մենք այդ քաղաքակրթութեան թոռներն ենք։ Այսօր ալ դարձեալ կը նետենք այդ բարեկամութեան հունտերը։ Այս հողատարածքին վրայ կարելի է տեսնել մեր նախնիներուն ստեղծած կոթողները։ Մեր պատմութեան մէջ դժբախտ ու դառն բաներ պատահած են, այդ շրջանին մենք կարելիութիւնը չունէինք այդ տխուր պատմութեան գնացքը փոխելու, բայց հիմա կրնանք մեր միջեւ հաստատել եղբայրութիւն ու խաղաղութիւն, որոնք ամէնէն սրբազան արժէքներն են մեզի համար», ըսաւ ան։

 

 

ԷՐՏՈՂԱՆ ԳՈՀՈՒՆԱԿՈՒԹԵԱՆ ՈՂæՈՅՆ ՈՒՂՂԵՑ ԱՐԱՄ
ՍՐԲԱԶԱՆԻՆ ՈՒ ՀԱՅ
ՀԱՄԱՅՆՔԻՆ

Կիրակի իրիկուն, արարողութիւններու աւարտէն ետք, Արամ սրբազանին հետ հեռաձայնով կապուեցաւ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի օգնականը, յայտնելու համար, թէ Էրտողան շատ գոհ է, որ Վանի մէջ արարողութիւնը կատարուեցաւ անդորր ու խաղաղ մթնոլորտի մէջ։ Նախագահին օգնականը ըսաւ, որ նախագահը շատ գոհ է այս բոլորին համար ու իր համակրանքն ու ողջոյնները կը փոխանցէ հայ համայնքին։


Արամ սրբազանն ալ իր կարգին երախտագիտական զգացումներ յայտնեց նախագահին ցոյց տուած շահագրգռութեան համար եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Էրտողանին։

 

 


comments

Advertisement