Քեսապի ազատագրումէն ետք՝ առաջին հարսանիքները

By Asbarez | Wednesday, 10 September 2014

 

Քեսապի Գարատուրան գիւղի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ Օգոստոս 23ին տեղի ունեցաւ յետ Քեսապի ազատագրման առաջին Ս. պսակի արարողութիւնը, Միւռոն քհնյ. Աւետիսեանի ձեռամբ:


Յակոբ Հաննէշեանի եւ Կասիա Կեւօղլանեանի պսակը սուրիահայերուն համար ընդհանրապէս եւ քեսապահայերուն համար մասնաւորապէս, հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, վերականգնումի ոգեւորութիւն ստեղծեց: Այս մասին կը յայտնէ «Գանձասար»ը:

Սեպտեմբեր 7ին տեղի ունեցաւ Յակոբ Քորթմոսեանի եւ Յասմիկ Առաքելեանի պսակը, դարձեալ Գարատուրանի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ:


comments