Երեք Հայուհիներ՝ «Պիզնըս Լայֆ»ի կողմէ մեծարուողներու շարքին

By Asbarez | Wednesday, 01 October 2014

 

ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- «Պիզնըս Լայֆ» թերթը, իր «Յաջողակ Կիներ»ու մեծարման տարեկան 25րդ ձեռնարկին ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 29ին, Կլենտէյլի «Հիլթըն» պանդոկին մէջ, մեծարեց նաեւ Սեդա Խոջայեանը։


Այս առիթով, Կլենտէյլի քաղաքապետ Զարեհ Սինանեանը շնորհաւորած է մեծարուած կիները, որոնք էին՝ Լիզա Պուպարի, Մարիս Քասթրօ Սալվաթի, Էլիս Կլիքմըն, Միրէյ Համբարեան, Սեդա Խոջայեան, Տենիս Միլըր, Սոնա Փափարեան եւ Ալեքսիս Սքալիսէ։

Ձեռնարկը սկսած է երկժամեայ խորհրդաժողովով մը, որուն քննարկումը կեդրոնացած է գործարարութեան եւ առողջապահութեան մարզերուն վրայ։

Ներկայ էին քաղաքապետ Զարեհ Սինանեան, Կլենտէյլի Կանանց հարցերու յանձնաժողովի անդամ Տենիս Միլըր, «Կլենտէյլ Էտվենթիսթ» առողջապահական կեդրոնէն Ռամելլա Մարգարեան, ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Ռեպեքա Պէրպէրեան, Ժասիկ æառահեան, ՀՕՄի «Սիփան», «Անահիտ», «Մայր» եւ «Կարս» մասնաճիւղերէն՝ Լենա Պօզոյեան, Պերճուկ æոլաքեան, Ալիս Պապախանեան, Սրբուհի Մանուկեան, Արշակուհի Յակոբեան, Աննա Քենթերճեան, Քարմէն Լիպարիտեան, Անուշ Աւագեան, Էմմա Սալմասեան եւ Արփի Միհրանեան։

 


comments

Advertisement