Արամ Ա. Կաթողիկոս Աթէնքի մէջ պարգեւատրեց բազմավաստակ ուսուցիչներ

By Asbarez | Thursday, 02 October 2014

 

Երկուշաբթի, 29 Սեպտեմբերի երեկոյեան, «Զաւարեան» սրահին մէջ, Յունաստանի Հայոց թեմի կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ պաշտօնական ընթրիք՝ ի պատիւ Արամ Ա. կաթողիկոսի: Ներկայ էր Յունաստանի եկեղեցւոյ պետին ներկայացուցիչը, ինչպէս նաեւ՝ շրջանի զանազան մետրոպոլիտներ, պետական ու քաղաքական հիւրեր եւ հայ գաղութի զաւակներ:


Յունաստանի թեմի փափաքին ընդառաջելով, վեհափառը «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով պարգեւատրեց Շաքէ Էլմասեանը, Գեղանոյշ Աւշարեանը եւ Կիրակոս Մկրտիչեանը՝ ուսուցչական ասպարէզին մէջ իրենց ունեցած տարիներու վաստակին համար:

Վեհափառը վեր առնելով ուսուցիչին դերակատարութիւնը ապագայ սերունդներու դաստիարակման մէջ, զայն որակեց կոչում եւ շեշտեց, որ ուսուցիչները մեծ ազդեցութիւն ունին իւրաքանչիւր անհատի կազմաւորման ու ապագային վրայ. հետեւաբար, իր կոչումին գիտակից ուսուցիչը աշակերտին մէջ կը դարբնէ մարդկային արժէքներ, որոնք ուսանողի մը նկարագիրին մաս կը կազմեն: Ան քաջալերեց, որ երիտասարդները նուիրուին ուսուցչական ասպարէզին: Վեհափառը գնահատեց թեմի առաջնորդ սրբազանը, Ազգային վարչութիւնը, զանազան կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու մէջ գործող կամաւորները եւ իր խոր գոհունակութիւնը յայտնեց, որ եկեղեցական, պետական ու քաղաքական անձնաւորութիւններ դրական եւ բարձր գնահատանքով արտայայտուեցան Յունաստանի մեր հայկական բոլոր գաղութներուն մասին:

Երեքշաբթի, 30 Սեպտեմբերի առաւօտուն, վեհափառը վերադարձաւ Լիբանան:

Աթէնքի օդակայան ողջերթի համար եկած էին Յունաստանի եկեղեցւոյ պետին ներկայացուցիչը, Լիբանանի դեսպանը, Ազգային վարչութեան անդամներ եւ հոգեւորականաց դասը:

 


comments