ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 15ի երեկոյեան, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ ժողովրդային հանդիպում մը, Բերիոյ թեմի առաջնորդ եւ Սուրիոյ շտապ օգնութեան եւ վերականգնումի մարմինի ատենապետ Շահան արք. Սարգիսեանի հետ, ներկայութեամբ աւելի քան 600 հայորդիներու։
Ձեռնարկը կը վայելէր հովանաւորութիւնը Հայ առաքելական, կաթողիկէ եւ աւետարանական յարանուանութեանց հոգեւոր առաջնորդներուն, եւ կազմակերպուած էր գաղութիս Սուրիահայութեան օժանդակութեան միացեալ մարմինին եւ Սուրիահայ վարժարաններու շրջանաւարտից միութեանց կողմէ։
Հանդիսավարն էր Քնար Գորթոշեան, որ արտասանեց բացման խօսքը: Ձեռնարկի պաշտօնական բաժինին ընթացքին ողջոյնի եւ զօրակցութեան արտայայտութիւններով խօսք առին հոգեւոր առաջնորդներ եւ ներկայացուցչական դէմքեր:
Հանդիսավարը իր խօսքին մէջ ներկաներուն յիշեցուց, թէ Ցեղասպանութենէն առաջ եւ մանաւանդ ետք, սուրիահայ գաղութը ապրած է հայ կեանքի կշռոյթով՝ դառնալով մշակոյթի դարբնոց, ազգապահպանման ամրոց, առաջին մայր գաղթօճախ եւ վերածնունդի առաջին օրրան, նման հաստաբուն կաղնիի մը, որուն ճիւղերը տարածուած են ի սփիւռս աշխարհի՝ մեծ դեր կատարելով սփիւռքահայ գաղութներու կազմաւորման մէջ։ Ապա, ներկաներուն անունով, ան բարի գալուստ մաղթեց հիւր սրբազան հօր՝ յայտարարելով, թէ մեր գաղութի զաւակները գործնապէս պիտի ընդառաջեն սուրիահայութեան կոչին։
Հալէպի հայութեան կեանքի այժմու պայմաններուն աւելի իրազեկ դառնալու միտումով, ցուցադրուեցան տեսաերիզներ, որոնցմէ առաջինը կը ներկայացնէր Հալէպ քաղաքի հայահոծ շրջաններու եւ ազգապատկան կառոյցներու ներկայ վիճակը։
«Հալէպ՝ Ներկայիս» տեսաերիզի ցուցադրութենէն ետք, բեմ հրաւիրուեցաւ Սուրիահայութեան օժանդակութեան միացեալ մարմինի (SARF) փոխատենապետ Րաֆֆի Քենտիրճեան, որ իր խօսքին մէջ լայնօրէն անդրադարձաւ վերոնշեալ մարմինի ցարդ կատարած իրագործումներուն՝ յայտնելով, թէ նոյն աշխատանքը պիտի շարունակուի աւելի մեծ թափով: Ան մէջբերեց Ռոպերթ Շուլերի իմաստալից խօսքը. «Թող ձեր յոյսերը, ոչ թէ ցաւերը, ձեւաւորեն ձեր ապագան»։
Յայտագիրը ունէր գեղարուեստական բաժիններ, առաջինը՝ Լոս Անճելըս հաստատուած հալէպահայ աշակերտուհի Արազ Պալեանի կատարողութեամբ: Ան արտասանեց Վահան Թէքէեանի «Թուրքին» եւ Յովհաննէս Շիրազի «Կտակ» բանաստեղծութիւնները։
Տեսաերիզի ցուցադրութեան երկրորդ բաժինով, ներկաները դիտեցին «Սուրիոյ Հայ Դպրոցը՝ Ներկայիս» վաւերագրականը, ուր կը ներկայացուէր դասաւանդութիւններու շարունակուիլը՝ հինգ վարժարաններու ամբողջ աշակերտութիւնը Ազգային Կիւլպէնկեան վարժարանի մէկ շէնքին մէջ հաւաքելով, որովհետեւ միւս վարժարանները ռմբակոծումներէ վնասուած են եւ կը մնան ամայի։ Հակառակ այս բոլորին, ակնյայտ էր հայ աշակերտներուն լաւատեսութիւնը իրենց կրթութեան եւ դասընկերներու վերադարձին գծով։
Ժողովրդային հանդիպման հովանաւոր յարանուանութեանց ներկայացուցիչները՝ Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ կողմէ՝ հայր Թովմաս Կարապետեան եւ Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ կողմէ՝ պատուելի Հենրիկ Շահնազարեան, խօսք առին եւ իրենց կարգին սրտակցութիւն յայտնեցին ու ամէն գնով հայ դպրոցը բաց պահելու զօրակցութիւն խոստացան։
Գեղարուեստական յայտագիրի երկրորդ բաժինով, դարձեալ Լոս Անճելըս հաստատուած հալէպահայ աշակերտուհի Նանոր Սէրայտարեան, ջութակի վրայ մեկնաբանեց Կոմիտասի «Կռունկ» եւ Սէրկէյ Քէօսէեանի «Քոնչերթինօ» կտորները։
Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ ԱՄՆ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան, որ ողջունելէ ետք առաջնորդներու ներկայութիւնը՝ զօրակցութիւն եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց հալէպահայութեան կրկին անգամ եւ դրուատեց Բերիոյ թեմի առաջնորդին՝ Շահան արք. Սարգիսեանի անձը, նկատելով, որ «բոլոր առաջնորդները ապահովութեան իմաստով հանգիստ պայմաններու մէջ կը գործեն իրենց ազգին համար, սակայն Շահան սրբազանի կատարած հովուութիւնը հերոսական արարք է»։
Տեսաերիզի վերջին ցուցադրութեամբ, ներկաները ականատես եղան ու վկայեցին հալէպահայ աշակերտին եւ ծնողներուն առկայծ յոյսն ու հաւատքի զօրութիւնը ու տագնապալի օրերու բերումով՝ աւելի զօրացած նկարագիրն ու կամքը, երբ «Գ. Եսայեան» սրահին մէջ, աշակերտներու եւ ծնողներու բազմահարիւր ներկայութեամբ, օր մը առաջ կատարուած էր Ս. Թարգմանչաց տօնի Ս. պատարագը եւ ներկայացուած գեղարուեստական յայտագիր մը։ Տեսաերիզը կը ցոլացնէր հայ աշակերտի սէրը իր մշակոյթին ու պարտութիւն մերժող վճռակամութիւնը՝ մութ առօրեայի ընդմէջէն։
Ապա հրաւիրուեցաւ Շահան սրբազանը, որ իր խօսքին մէջ գլխաւորաբար կեդրոնացաւ սուրիահայութեան ներկայ իրավիճակին, անոր կարիքներուն եւ մասնաւորաբար հայ դպրոցի ներկայ իրավիճակին վրայ։ Ան սուրիահայութեան անունով երախտագիտութիւն եւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր մարմիններուն եւ անհատներուն, որոնք սատարած են դրամահաւաքին։ «Այս հանգրուանին, նոյնիսկ եթէ հացը չոր ըլլայ, մենք փառք կու տանք Աստուծոյ։ Ուտելիքը չէ, զոր կը փնտռենք, այլ մեր ապագայ սերունդներուն համար միտքի սնունդը, որ կորիզն է մեր մտահոգութեանց», շեշտեց սրբազան հայրը։
Անդրադառնալով Յովնան սրբազանի գնահատանքին՝ Շահան սրբազան այդ քաջութիւնը վերագրեց Սուրիոյ հայ ժողովուրդին, որ քաջութեամբ տոկաց ու կը տոկայ տակաւին եւ օրուան հրամայականներուն դիմաց կազմակերպուած կ՛ապրի։
«Միասնականութիւնն էր, որ յարատեւել տուաւ», շեշտեց առաջնորդ սրբազանը եւ բացայայտեց գաղտնիքը սուրիահայութեան կազմակերպ մնալուն։ Զօրաշարժի կոչով մը, ան հրաւիրեց ներկաները հայութեան ողնասիւնը զօրաւոր պահելու, հայ կրթական օճախը վառ պահելու, որովհետեւ հայը հայ պահելու հիմնական սիւնը Հայ վարժարանն է։
Ժողովրդային հաւաքին փակման խօսքը արտասանելու համար, բեմ հրաւիրուեցաւ ԱՄՆ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան։ Ան, ողջունելէ ետք հիւր սրբազանի ներկայութիւնը՝ գնահատեց ձեռնարկի կազմակերպիչները եւ Սուրիոյ հայութեան զօրակցող ժողովուրդը՝ զայն անմոռանալի եւ իւրայատուկ նկատելով։
Ան գնահատեց SARF-ի աշխատանքները եւ ժողովուրդի զաւակները, որոնք իրենց բաժինը ունեցան անցած տարիներուն ուղարկուած օժանդակութեանց մէջ։ Առաջնորդ սրբազանը խոր մտահոգութեամբ ցաւ արտայայտեց Սուրիոյ ու հայութեան վիճակուած տագնապալի կացութեան մասին եւ ըսաւ. «Այսօրուան հրամայականը հայ դպրոցին զօրակցիլն է։ Ո՛չ ոք տալով վնասուած է, այլ ընդհակառակը, մենք տալով աւելի կը հարստանանք, որովհետեւ ատիկա նաեւ Աստուծոյ ալ հաճելի է»։ Ապա, խթանիչ խօսքերով վերահաստատեց գաղութի զօրակցութիւնն ու սրտակցութիւնը Սուրիահայ գաղութին:
Ձեռնարկի աւարտին, ներկայ հոգեւորականները միասնաբար երգեցին «Տէր Ողորմեա»ն, աշխարհի եւ մանաւանդ Սուրիոյ խաղաղութեան ի խնդիր։ Ապա, առաջնորդ սրբազաններու «Պահպանի»չով հանդիպումը փակուցաւ:
Հանդիպման աւարտին, եկեղեցւոյ «Արմենակ Տէր Պետրոսեան» սրահին մէջ, հիւրասիրութիւն մը տեղի ունեցաւ՝ հիւրընկալութեամբ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հովիւներուն ու հոգաբարձութեան։ Ներկաները առիթ ունեցան Շահան սրբազանէն իմանալու յաւելեալ մանրամասնութիւններ Հալէպի եկեղեցիներուն, ազգային կառոյցներուն եւ ընդհանրապէս իրենց հարազատներուն դիմագրաւած ներկայ դժուարութեանց մասին։
Յիշատակելի այս հանդիպումը պատմութեան էջերուն մէջ մեծ արձագանգ ու արժէք պիտի ունենայ, երբ այսօրուան մատղաշ սերունդը հայ դպրոցին մէջ աճի ու թրծուի եւ օր մը կարդայ այս զօրաշարժին մասին՝ անդրադառնալով, որ իր հայեցի դաստիարակութեան մէջ մեծ դերակատարութիւն ունեցած են Միացեալ Նահանգներու հայ ժողովուրդի զաւակները։