ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Կիրակի, 19 Հոկտեմբերի կէսօրին, Ս. Ամենափրկիչ վանքին մէջ, պատմութեան ընթացքին առաջին անգամն ըլլալով, վեհափառին միասնաբար այցելեցին Սպահանի նահանգապետը, փոխնահանգապետը, կրօնապետը, ընդհանուր ապահովութեան պատասխանատուն, զօրավարն ու այլ պետական երեւելի դէմքեր, որոնք վեհափառ հայրապետին ճաշի հիւրերը եղան: Անոնք ջերմօրէն ողջունեցին Արամ Ա. կաթողիկոսին այցելութիւնը Սպահան եւ վեհափառին անձին ճամբով իրենց գնահատանքը յայտնեցին Սպահանի հայութեան: Նահանգապետը կարեւորութեամբ շեշտեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան միջեւ եղող գործակցութեան կապերը, որուն իր մեծ նպաստը կը բերէ վեհափառը: Սոյն հանդիպման ներկայ էին նաեւ Թեհրանի Հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ Արք. Սարգիսեան, Սպահանի Հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն եպս. Չարեան, Ատրպատականի Հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր եպս. Չիֆթճեան, Մակար եպս. Աշգարեանն ու Թեմական խորհուրդի անդամները:
Վեհափառը ողջունելէ ետք անոնց այցելութիւնը, մեծապէս գնահատեց Սպահանի հայութեան եւ նահանգապետութեան միջեւ եղող գործակցութիւնը: Ան շեշտեց այդ գործակցութիւնը շարունակելու կարեւորութիւնը՝ յիշեցնելով Սպահանի հայութեան բերած նպաստը Իրանի մշակոյթի առաւել ծաղկման:
Հանդիպման ընթացքին զանազան նիւթեր արծարուեցան: Քննարկումի յատուկ առարկայ դաձան Միջին Արեւելքի ներկայ անցուդարձերը:
Նոյն օրը առաւօտուն, Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ս. եւ անմահ պատարագ: Պատարագիչն էր Մակար արք. Աշգարեանը: Արամ Ա. կաթողիկոս հայրապետական պատգամին ընթացքին նախ ողջունեց Սպահանի Հայոց թեմի առաջնորդ սրբազանն ու Ազգային իշխանութիւնը եւ ապա հաւատացեալ ժողովուրդին յիշեցուց, թէ Աստուած Քրիստոսի ճամբով մեզի հետ եղաւ, երբ մարդը տակաւին անհնազանդութեան ընթացքին մէջ կը գտնուէր: Վեհափառը ըսաւ. «Աստուած Քրիստոսի ճամբով մեզի հետ եղաւ, մենք, այսօր արդեօք Քրիստոսի հե՞տ ենք». հարցադրումէն մեկնելով, ան կարեւորութեամբ շեշտեց կեանքի ընթացքին Աստուծոյ հետ ըլլալու, աստուածային պատուէրները կատարելու հրամայականը:
Պատարագէն անմիջպէս ետք հայրապետը այցելեց Նոր æուղայի ծերանոցը, ուր իր հայրական խօսքը ուղղեց ծերանոցին մէջ պատսպարուող ծերունիներուն:
Երեկոյեան, կաթողիկոսը նախագահեց Սպահանի Հայոց թեմի Պատգամաւորական ժողովին: Ներկայ էին նաեւ թեմակալ երկու առաջնորդները: Ժողովին ընթացքին Թեմական խորհուրդի ատենապետը զեկուցեց թեմի գործունէութեան ու ապագայ աշխատանքներուն մասին: Ապա, վեհափառը անդրադարձաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան առաքելութեան առնչուած աշխատանքներուն ու ծրագիրներուն, յատկապէս Ցեղասպանութեան 100ամեակին եւ այդ ծիրէն ներս, լայն բացատրութիւն տուաւ ժողովականներուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանին մօտ բանալիք դատին գծով: