Նոր Ջուղան հաւատարիմ պէտք է գտնուի իր անցեալին, որպէսզի վերանորոգ հաւատքով կերտէ իր ապագան». Արամ Ա.

By Asbarez | Wednesday, 22 October 2014

 

Այս բառերով կոչ ուղղեց Արամ Ա. կաթողիկոս Ս. Ամենափրկիչ վանքին շրջափակը հաւաքուած հազարաւոր հայորդիներուն: Վեհափառը անդրադառնալով Նոր æուղայի չորս հարիւր տարիներու պատմութեան, ըսաւ. «Այս բուռ մը հողին վրայ, մեր ժողովուրդի զաւակները քրիստոնէական հաւատքը ամուր պահեցին եւ մեր մշակութային արժէքները՝ կենսունակ: Անոնք հաւատարիմ գտնուեցան մեր ժողովուրդի դարաւոր ձգտումներուն ու երազներուն: Նոր æուղան անցեալ չէ, այլ ան ներկայ ու մանաւանդ ապագայ է: Չի՛ բաւեր միայն անցեալով հպարտանալ, այլ անցեալին հաւատարիմ գտնուելով՝ պէտք է կերտել ապագան»: Արամ Ա. կաթողիկոս անդրադառնալով արտագաղթի մտահոգիչ երեւոյթին, շեշտեց Իրանին ամուր կառչելու հրամայականը եւ ըսաւ. «Բանաստեղծին բառերով՝ խնդրելու պէս կը պահանջեմ ու պահանջելու պէս կը խնդրեմ Իրանի մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակներէն: Մի՛ հեռանաք Նոր æուղայէն, Շահընշահրէն, Թեհրանէն, Թաւրիզէն եւ Ուրմիայէն: Ձեր պապերը ծով զոհողութեամբ այս գաղութները կազմակերպեցին, եկեղեցի ու դպրոց շինեցին, մշակոյթ ստեղծեցին ու պահեցին: Դուք կոչուած էք շարունակելու անոնց նուիրական գործը: Իսկ եթէ ոմանք ինչ-ինչ պատճառներով պարտաւորուած կ՛ըլլան հեռանալու այս երկրէն, անոնք միայն մէկ հասցէ պէտք է ունենան՝ Հայաստան, միայն Հայաստան…»:


Կաթողիկոսի պատգամէն առաջ խօսք առնելով Սպահանի Հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն եպս. Չարեան, ողջունեց վեհափառին ներկայութիւնը Սպահանի թեմէն ներս: Իսկ հայրապետական պատգամէն ետք, Նոր æուղայի արուեստագէտներուն կողմէ ներկայացուեցաւ գեղարուեստական կոկիկ յատագիր մը: Հանդիսութեան աւարտին, վեհափառը ընդառաջելով թեմի Ազգային իշխանութեան խնդրանքին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Ասպետ» շքանշանով պարգեւատրեց Վրէժ Տէր Մարտիրոսեանը, Գարեգին Մարկոսեանը, Հրայր Շահնազարեանը եւ Ճորճ Աբրահամեանը:

Հանդիսութենէն առաջ Ս. Ամենափրկիչ վանքի Ս. Յովսէփ Արիմաթացի եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 350 ամեակին առիթով տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր պատարագ յիշեալ պատմական եկեղեցւոյ մէջ: Պատարագիչն էր թեմի առաջնորդ սրբազան հայրը: Պատարագի աւարտին վեհափառին հանդիսապետութեամբ, Ս. Յովսէփ Արիմաթացիի աջով տեղի ունեցաւ ջրօրհնէքի արարողութիւն:

Նոյն օրը հայրապետը Ս. Ամենափրկիչ վանքին մէջ, առաջնորդ սրբազանին ներկայութեամբ հանդիպում մը ունեցաւ Շահընշահրի վարչութեան եւ յարակից մարմիններու ներկայացուցիչներուն հետ:

 


comments