Շահան Արք. Սարգիսեան հրաժեշտի պատգամ տուաւ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ

By Asbarez | Friday, 24 October 2014

 

ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի հրաւէրով, Բերիոյ թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան Կիրակի, 19 Հոկտեմբերին Ս. պատարագ մատուցեց Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ՝ իր լրումին հասցնելով աւելի քան մէկ շաբթուան իր այցելութիւնը: Ինչպէս ծանօթ է, հիւր սրբազանը Արեւմտեան թեմ ժամանած էր յատուկ առաքելութեամբ մը, զօրակցութիւն ապահովելու համար Սուրիոյ հայութեան ու մասնաւորապէս մեր վարժարաններուն։


Իր հրաժեշտի պատգամին մէջ, Շահան սրբազան գոհունակութիւն յայտնեց մեր գաղութին մէջ Սուրիոյ հայութեան ի նպաստ զօրակցական տրամադրութեան համար, որ արձագանգ գտաւ հանդիպումներու ընթացքին եւ հանգանակային աշխատանքներով: Ան Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 20ին մեկնեցաւ Լոս Անճելըսէն, իր ամերիկեան շրջապտոյտը շարունակելու համար Արեւելեան Ամերիկայի եւ Քանատայի թեմերուն մէջ:

 

 



comments