By Asbarez | Friday, 31 October 2014

ԵՐԵՒԱՆ.– «Լենթա. Լու»ն ուշագրաւ տեղեկութիւններ ներկայացուցած է Ռուսիոյ հարուստներու ցեղային պատկանելիութեան մասին։ Պարբերականը ուսումասիրած է «Ֆորպզ»ի պատրաստած 200 ամէնէն հարուստ ռուսիաբնակներու ցանկը՝ ըստ ցեղային պատկանելիութեան եւ ընդհանուր դրամագլուխին մէջ անոնց ունեցած մասնաբաժինին:
Այսպիսով՝ ամէնէն հարուստ 200 ռուսիաբնակներու կարգին կան 7 հայեր, որոնք կը գրաւեն 5րդ դիրքը՝ ռուսերէն, հրեաներէն, ուքրանացիներէն եւ թաթարներէն ետք։
7 հայերը ունին ընդհանուր 21 միլիառ տոլար: Ամէնէն հարուստը ունի 10.3, «ամէնէն աղքատը»՝ 0.8 միլիառ տոլար: Հայերը 200 հարուստներուն կարգին 3.5 տոկոս կը կազմեն, իսկ հայ ազգաբնակչութեան թիւը կը կազմէ Ռուսիոյ ընդհանուր բնակչութեան 0.86 տոկոսը:
Ցանկին մէջ հայերը կը յաջորդեն լեռնային հրեաներուն, իսկ ատրպէյճանցիները 7րդ դիրքի վրայ են։
comments
Կոչ Հայութեան ու Հայրենիքի Իշխանութեան
Australia Live by Armenia Media: Dr Hrayr & Arda Jebedjian
Australia Live by Armenia Media: Victor Karapetyan
Australia Live by Armenia Media: Professor Navoyan
Australia Live By Armenia Media: Reverend Sarkissian
Australia Live By Armenia Media: Zarouhi Manoukian
Australia Live By Armenia Media: Hayk Arsenyan
Australia Live By Armenia Media: Hasmik Movsisyan & Zhanna Nazaryan