Սուրիահայ գրողներու ստեղծագործութիւնները կ՛արտացոլացնեն Սուրիական պատերազմական դէպքերը

By Asbarez | Wednesday, 05 November 2014

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող պատերազմական իրադարձութիւնները մեծ ազդեցութիւն ձգեցին սուրիահայ ստեղծագործողներուն վրայ։ Ծնունդ առին գիրքեր, բանաստեղծութիւններ, պատմուածներ, որոնք կ՛արտայայտեն սուրիահայ ժողովուրդի կեանքն ու ցաւը։ 5 Նոյեմբերին Հայաստանի Գրողներու միութեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում՝ սուրիահայ գրողներուն հետ, որոնք անդրադարձան զիրենք յուզող տարբեր հարցերու։


Բանաստեղծ, արձակագիր Մարուշ Երամեան Հայաստան մեկնած է Հալէպէն եւ չորս ամիսէ հոն կը գտնուի։

«1996 թուականէն յաճախ կ՛այցելէի Հայաստան։ Շատ հետաքրքրական կացութեան մէջ յայտնուած էին, երբ Հալէպ կ՛ապրէինք. բոլորս կ՛աշխատէինք, եւ մեզի համար գրականութիւնը արտաաշխատանքային երեւոյթ էր. մասնագէտ գրողներ չէինք, հիմա եկած ենք այստեղ, անգործ ենք եւ գրելու շատ ժամանակ ունինք: Այսօր Հայաստանի մէջ մարդ գրականութեամբ չի կրնար ապրիլ», յայտնած է Երամեան:

Մարուշ Երամեանի համաձայն՝ վերջին շրջանի դէպքերը արդէն վաղուց արտայայտուած են սուրիահայ գրականութեան մէջ: «Գրեթէ բոլորս պատերազմի մասին կը գրենք: Արձակի եւ բանաստեղծութեան միջոցով կ՛անդրադառնանք այս դէպքերուն: Շատերս այդ ծանր օրերուն նուիրուած գործեր ունինք», յայտնած է ան։

Սուրիահայ գրողներու համախմբման անդամ, գրող Յակոբ Միքայէլեան եւս Հալէպէն եկած է Հայաստան, ուր կը գտնուի հինգ ամիսէ ի վեր։ «Յաճախ այցելած եմ Հայաստան, սակայն երկար մնալով հասկցայ, որ գրելու առումով պեղելիք շատ բան կայ: Սուրիան ալ հայրենիք է մեզի համար, Հայաստանն ալ: Սուրիան աւելի շօշափելի էր, իսկ ասիկա ալ մեր հոգեւոր հայրենիքն է. մենք պէտք է աշխատինք դառնալ Հայաստանի քաղաքացիներ», համոզուած է գրողը:

Յակոբ Միքայէլեանի համաձայն՝ ինք ամէն շաբաթ թերթերուն մէջ յօդուածներ կը գրէ եւ հետզհետէ կը վարժուի հայրենիքի կեանքին։

 


comments