Հայ Օգնութեան Միութիւնը կը պարգեւատրուի Բերիոյ Հայոց Թեմի Ծառայութեան շքանշանով

By Asbarez | Wednesday, 05 November 2014

 

Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան Հիւսիսային Ամերիկա իր այցելութիւններու ծիրէն ներս, Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 22ին, ԱՄՆ Արեւելեան թեմի առաջնորդ Օշական արք. Չօլոյեանի ընկերակցութեամբ, Պոսթընի մէջ այցելեց Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական գրասենեակը, ուր տեսակցութիւն ունեցաւ ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան եւ ՀՕՄի ԱՄՆ Արեւելեան շրջանի վարչութեան անդամներուն հետ:


Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան սուրիահայ համայնքը յուզող հարցերը: Սրբազան հայրը բարձր գնահատեց Հայ Օգնութեան Միութեան մարդասիրական գործունէութիւնը Սուրիոյ տարածքէն ներս, որ կ՛իրականանայ ՀՕՄի աշխարհասփիւռ միաւորներուն եւ համակիրներուն ճիգերով:

Երեկոյեան տեղի ունեցաւ հանրային հաւաք Հայ Օգնութեան Միութեան ԱՄՆ Արեւելեան շրջանի Ուոթըրթաունի «Լէօլա Սասունի» եւ Գեմպրիճի «Շուշի» մասնաճիւղերուն կազմակերպութեամբ: Առաջնորդ Սարգիսեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ նաեւ Հայ Օգնութեան Միութեան տարած աշխատանքներուն, նշելով, թէ ՀՕՄը եղաւ առաջին կազմակերպութիւնը, որ տագնապի սկզբնական օրերէն իսկ, կարողացաւ հասնիլ Սուրիահայ համայնքի կարիքներուն, ըլլան անոնք կրթական, ընկերային, թէ առողջապահական:

 


Սրբազանը՝ առ ի երախտագիտութիւն ՀՕՄի կողմէ սուրիահայութեան յատկացուած անմիջական օժանդակութիւններուն, Հայ Օգնութեան Միութեան շնորհեց Բերիոյ Հայոց թեմի «Ծառայութեան» շքանշանը:

Ի պատիւ Հայ Օգնութեան Միութեան համահայկական ընտանիքին նուիրեալ եւ աննկուն աշխատանքին, ՀՕՄի կառոյցը վերջին չորս տարիներուն ընթացքին, կարողացաւ թիկունք կանգնիլ սուրիահայ մեր հայրենակիցներուն:

Հարկ է նշել, թէ ՀՕՄի կրթական, ընկերային եւ մարդասիրական այլ օժանդակութիւններու ծրագիրներուն ընդմէջէն, մինչ օրս, միութիւնս կէս միլիոն ամերիկեան տոլար յատկացուցած է սուրիահայութեան օժանդակութեան ծրագիրներուն իրագործման նպատակով: Այս առթիւ, Կեդրոնական վարչութիւնը, իր խորին երախտագիտութիւնը կը յայտնէ ՀՕՄի բոլոր միաւորներուն, անդամներուն եւ համակիրներուն, որոնց աջակցութեամբ կազմակերպութեանս նախաձեռնութիւնները յաջողութեամբ կը գործադրուին:

Այս առթիւ, Կեդրոնական վարչութեան ատենապետուհի Վիքի Մարաշլեան կը նշէ. «Բերիոյ Հայոց թեմին կողմէ ՀՕՄին պարգեւատրուած այս շքանշանը արդիւնքն է միութեանս միասնական եւ համատեղ աշխատանքին: Կը վստահեցնենք, որ մարդասիրական օժանդակութիւնը պիտի շարունակուի, այնքան ատէն, որ սուրիահայ մեր քոյրերն ու եղբայրները մեր միութեան կարիքը կը զգան այս ծանր օրերուն: Կեդրոնական վարչութիւնը նոր թափով պիտի շարունակէ մարդասիրական օժանդակութեան ծրագիրներու իրագործումը՝ ի շահ սուրիահայ համայնքի գոյատեւման»:

 


comments