Գահիրէի համալսարանին մէջ Հայագիտական կեդրոնը կը վերաբացուի

By Asbarez | Wednesday, 05 November 2014

 

Գահիրէի համալսարանի խորհուրդը, համալսարանի նախագահ դոկտ. Կապեր Նասսարի գլխաւորութեամբ, որոշած է համալսարանին մէջ վերաբանալ Հայագիտական ուսումնասիրութեանց կեդրոնը, որ անցեալ տարի փակուած էր անսպասելիօրէն: Համալսարանին կատարուած դիմումներուն ի պատասխան ըսուած էր, որ անիկա պիտի վերաբացուի Արեւելագիտութեան բաժանմունքին մէջ, ինչ որ չէր իրագործուած ու ցարդ մնացած էր առկախ:


Հոկտեմբերի 29ին համալսարանի նախագահ դոկտ. Նասսար յայտարարած է, որ վերաբացուող կեդրոնը կորիզը պիտի դառնայ Գահիրէի համալսարանին մէջ հայագիտական ուսմանց բաժանմունքի մը, թէ պիտի հրաւիրուին Հայաստանի Հանրապետութեան, Գահիրէի Հայաստանի դեսպանութեան ու եգիպտահայ համայնքի պատասխանատուները՝ համալսարանի Արուեստից բաժանմունքին մէջ կեդրոնի հանդիսաւոր բացման:

Եգիպտական «Մենա» գործակալութիւնը այս մասին հաղորդելով՝ տեղեկագրեց, որ Եգիպտոս առաջիններէն եղած էր, որ ճանչցած էր Հայաստանի անկախացումը Խ. Միութենէն, դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատած էր, Գահիրէի մէջ Հայաստանի դեսպանութիւն բացուած էր 1992ին, իսկ Երեւանի մէջ Եգիպտոսի դեսպանութիւն՝ 1993ի Մայիսին, աւելցնելով, որ Եգիպտոսի մէջ հայ համայնքին ներկայութիւնը պատմութեան խորքէն կու գայ, որ փարաւոնական ժամանակաշրջանէն աշխոյժ փոխյարաբերութիւններ գոյութիւն ունեցած են Հայաստանի բնակիչներուն հետ:

 


comments