Արամ Ա. կաթողիկոս այցելեց «Ալիք» օրաթերթի կեդրոնատեղի

By Asbarez | Thursday, 06 November 2014

 

Ընկերակցութեամբ Իրանի երեք թեմակալ առաջնորդ սրբազաններուն, Արամ Ա. կաթողիկոս, Շաբաթ, 25 Հոկտեմբերին, այցելեց Թեհրանի «Ալիք» օրաթերթի կեդրոնը, ուր ջերմ ընդունելութեան արժանացաւ «Ալիք»ի խմբագրութեան, Հայ Դատի յանձնախումբին եւ ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի անդամներուն կողմէ:

Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Գեւիկ Մկրտչեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Դաշնակցութեան դերակատարութեան հայ կեանքէն ներս, յատկապէս Հայ Դատի աշխատանքներուն գծով: Ապա, խօսք առնելով՝ «Ալիք»ի խմբագրապետ Դերենիկ Մելիքեան ընդգծեց «Ալիք» օրաթերթին կատարած դերը իրանահայութեան կեանքէն ներս: Թեհրանի Հայոց առաջնորդը իր կարգին խօսեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան բերած կարեւոր նպաստին՝ Հայոց Ցեղասպանութեան աշխատանքներուն մէջ:

Վեհափառը նախ իր գնահատանքը յայտնեց «Ալիք»ի պատասխանատուներուն, «Ալիք»ը նկատելով մեծ ընտանիք մը, որուն ճամբով կարեւոր աշխատանք ծաւալած է ու կը շարունակուի ծաւալիլ իրանահայութեան կեանքէն ներս: Կաթողիկոսը նաեւ լայնօրէն անդրադարձաւ հայ ժողովուրդի իրաւունքներուն հետապնդման ծիրէն ներս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կատարած աշխատանքին: Այս ուղղութեամբ վեհափառը նաեւ յիշեց Երեւանի մէջ վերջերս Հայաստան-Սփիւռք հինգերորդ համագումարի իր պատգամին մէջ, Հայ Դատի ուղղութեամբ իր կատարած կարգ մը մատնանշումները, յատկապէս շեշտելով, որ ժամանակը հասած է Հայ Դատը իրաւական դաշտ փոխադրելու:

Ապա «Ալիք»ի ընտանիքը ճաշկերոյթ մը սարքեց ի պատիւ վեհափառին:

 


comments

Advertisement