Զոհուեցաւ Հալէպի ազգային առաջնորդարանի պահակը

By Asbarez | Monday, 10 November 2014

 

Շաբաթ, 8 Նոյեմբերի առաւօտեան ժամը 9ին, Հալէպի Ազգային առաջնորդարանի շէնքին դիմաց զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն կողմէ արձակուած պայթուցիկ տակառի մը պայթումին հետեւանքով, զոհուեցաւ Ազգային առաջնորդարանի պահակ Նազարէթ Մալճեանը (1965ի ծնունդ): Այս մասին կը յայտնէ Հալէպի «Գանձասար» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Զարմիկ Պօղիկեանը:


comments

Advertisement