By Asbarez | Friday, 21 November 2014
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Ձմրան նախաշեմին Սուրիոյ հայկական համայնքը, ինչպէս նաեւ երկրի միւս քաղաքացիները ջեռուցման լուրջ հարցերու դէմ յանդիման կանգնած են։ «Նիուզ»ի թղթակիցին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնած է Բերիոյ հայոց թեմի մամլոյ քարտուղար Ժիրայր Ռէյիսեանը:
«Հալէպի բնակիչները տնտեսական դժուարութիւններ ունին, եւ շատ յաճախ ի վիճակի չեն գնելու պետութեան կողմէ իւրաքանչիւր ընտանիքի տրամադրուող 200 լիթր վառելանիւթը: Հակառակ անոր որ վառելանիւթը կը տրամադրուի զեղչեալ գիներով, մարդիկ նոյնիսկ այդ գումարը չունին», յայտնած է Ռէյիսեան: Ան աւելցուցած է, որ իրավիճակը բարդ է նաեւ ելեկտրամատակարարման ոլորտին մէջ, որովհետեւ շատ յաճախ կ՛ընդհատուի՝ իբրեւ հետեւանք նաեւ կասեցնելով ջրամատակարարումը:
Յիշեցնենք, որ նախքան արիւնալի իրադարձութիւնները Սուրիոյ մէջ կային շուրջ 60-70 հազար հայեր՝ կէսէն աւելին կ՛ապրէին Հալէպի մէջ, միւս հատուածը՝ Լաթաքիոյ, Դամասկոսի, Հոմսի, Գամիշլիի, Քեսապի, Եաքուպիյէի, Ռաքքայի եւ Հասաքէի մէջ։
comments
Սփիւռքի Ազգային Զօրաշարժի Խորհրդաժողովի նոր կայքէջը
Կոչ Հայութեան ու Հայրենիքի Իշխանութեան
Australia Live by Armenia Media: Dr Hrayr & Arda Jebedjian
Australia Live by Armenia Media: Victor Karapetyan
Australia Live by Armenia Media: Professor Navoyan
Australia Live By Armenia Media: Reverend Sarkissian
Australia Live By Armenia Media: Zarouhi Manoukian
Australia Live By Armenia Media: Hayk Arsenyan
Australia Live By Armenia Media: Hasmik Movsisyan & Zhanna Nazaryan