By Asbarez | Monday, 01 December 2014
ՀԱԼԷՊ.– Ուրբաթ, 28 Նոյեմբերին Համայի մէջ պայթումի մը իբրեւ հետեւանք նահատակուած հալէպահայ Յովսէփ Պչաքճեանի յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 30 Նոյեմբերին՝ յետմիջօրէի ժամը 3ին, Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ:
Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանին, պատկան մարմինի ներկայացուցիչներուն, քահանայից դասուն, հանգուցեալին հարազատներուն եւ գաղափարակից ընկերներուն կողքին, յուղարկաւորութեան ներկայ էին սուրիական բանակի բարձրաստիճան սպաներ եւ պետական այրեր:
Շահան արք. Սարգիսեանի հանդիսապետութեամբ կայացած յուղարկաւորութեան ընթացքին խօսք առաւ Տաթեւ Ա. քահանայ Միքայէլեան, որ վեր առնելով նահատակութեան գաղափարը, անդրադարձաւ Յովսէփ Պչաքճեանի մարդկային եւ ազգային յատկանիշներուն:
Եկեղեցւոյ արարողութենէն ետք հանգուցեալի հարազատները ցաւակցութիւնները ընդունեցին եկեղեցւոյ ներքնասրահին մէջ, ուր ՀԵՄի անունով դամբանականներ արտասանեցին, հայերէնով՝ Աւօ Տէրվիշեան, իսկ արաբերէնով՝ Արա Մութաֆեան:
Նահատակ Յովսէփ Պչաքճեան յետմահու արժանացաւ Պատուոյ Սպայ կոչումին:
comments
Կոչ Հայութեան ու Հայրենիքի Իշխանութեան
Australia Live by Armenia Media: Dr Hrayr & Arda Jebedjian
Australia Live by Armenia Media: Victor Karapetyan
Australia Live by Armenia Media: Professor Navoyan
Australia Live By Armenia Media: Reverend Sarkissian
Australia Live By Armenia Media: Zarouhi Manoukian
Australia Live By Armenia Media: Hayk Arsenyan
Australia Live By Armenia Media: Hasmik Movsisyan & Zhanna Nazaryan