Աթէնքի մէջ գումարուեցաւ ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի յանձնախումբերու խորհրդաժողովը

By Asbarez | Tuesday, 02 December 2014

 

ԱԹԷՆՔ.- Մէկ ազգ, մէկ պայքար գաղափարական առաջադրանքով գործելու եւ Եւրոպայի տարածքին Հայ Դատի պահանջատիրութեան աշխատանքները համակարգելու նպատակով, Աթէնքի մէջ 29-30 Նոյեմբերին կազմակերպուեցաւ երկօրեայ խորհրդաժողով՝ ՀՅԴ Բիւրոյի եւ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ եւ Յունաստանի Հայ Դատի յանձնախումբի կազմակերպութեամբ:


Ներկայ եղան Եւրոպայի տարածքին գործող Հայ Դատի յանձնախումբերու (Յունաստան, Պուլկարիա, Կիպրոս, Ռումանիա, Շուէտ, Գերմանիա, Աւստրիա, Պելճիքա, Հոլանտա, Ֆրանսա, Սպանիա) ներկայացուցիչներ, ՀՅԴ Յունաստանի կառոյցի եւ Երիտասարդական Միութեան ան-դամներ:

Նախքան խորհրդաժողովի աշխատանքներուն սկսիլը՝ տեղի ունեցաւ բացման պաշտօնական արարողութիւն, որուն ներկայ եղան Յունաստանի թեմակալ առաջնորդ Խորէն արք. Տողրամաճեան, Յունաստանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Գագիկ Ղալաչեան, Յունահայոց Ազգային վարչութեան, Հայ Կապոյտ Խաչի, Համազգայինի եւ ՀՄԸՄի շրջանային վարչութեանց ներկայացուցիչները:

Բացումը կատարեց Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան, ապա ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան ՀՅԴ Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Քերոբ Էքիզեան, թեմակալ առաջնորդ սրբազան հայրը, ՀՅԴ Բիւրոյի կողմէ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, Յունաստանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանը: Ելոյթներուն մէջ շեշտուեցաւ Հայաստանի-Արցախի-æաւախքի եւ սփիւռքահայութեան հարցերը ուժգնօրէն յառաջ մղելու եւ արդիւնաւէտ ու համակարգուած արդիւնքներ ապահովելու հրամայականը:

Կարճ դադարէ մը ետք ժողովը շա-րունակեց իր աշխատանքները շուրջ 75 մասնակիցներու ներկայութեամբ, երկու օրերու ընթացքին քննարկելով իր օրակարգին վրայ դրուած հարցերը՝

ա) Թուրք-ատրպէյճանական ներթափանցումը եւ հակահայ քարոզչութիւնը եւրոպական երկիրներուն մէջ.

բ) Արցախի պետութեան հզօրացում եւ միջազգային ճանաչում:

գ) Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին առնչուող հարցեր (ճանաչում, ժխտումի քրէականացում, հատուցում).

դ) æաւախքի հայութեան իրաւունքներու պաշտպանութիւն.

ե) Համաեւրոպական կազմակերպութիւններու մէջ նախաձեռնութիւններ.

զ) Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին քաղաքականութեան վերաբերեալ հարցեր.

է) Զանգուածային լրատուական միջոցներ եւ հանրային կարծիքի ձեւաւորումի քաղաքականութիւն:

Ժողովը լսեց նաեւ մասնակից Հայ Դատի յանձնախումբերու նախորդ խորհրդաժողովէն՝ 2013 Յունիսէն, ի վեր աշխատանքներու մասին, ուր անդրադարձ եղաւ նաեւ սուրիահայութեան օժանդակութեան ուղղուած ծրագիրներուն:

Օրակարգային հարցերուն համարժէքօրէն արձագանգելու համար՝ համակարգուած ու յաւելեալ ճիգեր դնելու անհրաժեշտութիւնը շեշտուեցաւ խորհրդաժողովի մասնակիցներուն կողմէ, որոնց քննարկումները ծանրացան նոր ժամանակներու եւ իրողութիւններուն համաքայլ ընթանալու մտահոգութեամբ:

 


comments