Աշոտ Ղուլեան կը հանդիպի Հայ Դատի ներկայացուցիչներու հետ

By Asbarez | Friday, 05 December 2014

 

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Արցախի Ազգային ժողովի մամլոյ ծառայութիւնը կը հաղորդէ, թէ Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան Դեկտեմբեր 3ին այցելած է Ամերիկայի հայկական համագումարի գրասենեակ եւ հանդիպած է կառոյցի գործադիր տնօրէն Պրայըն Արտունուի եւ այլ պատասխանատուներու հետ: Քննարկուած են Արցախի քաղաքական, տնտեսական զարգացման հարցերը, ինչպէս նաեւ՝ զանոնք արտաքին աշխարհին ներկայացնելու հնարաւորութիւնները:


Դեկտեմբերի 4ին, Աշոտ Ղուլեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի Ուաշինկթընի գրասենեակին մէջ հանդիպած է կառոյցի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեանի եւ Ամերիկայի Հայ Դատի գրասենեակի նախկին ղեկավար Կարօ Արմէնեանի հետ: Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են ատրպէյճանաղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացի ներկայ վիճակը եւ հնարաւոր զարգացումները, տարածաշրջանային ու միջազգային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ անդրադարձ կատարուած է յառաջիկայ տարիներու համագործակցութեան հիմնական ուղղութիւններուն:

ԼՂՀ խորհրդարանի ղեկավարին Ուաշինկթըն աշխատանքային այցը աւարտած է արդէն:


comments