By Aztag Daily | Friday, 02 October 2009
ՊԷՅՐՈՒԹ, <<Ազդակ>>.- Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններուն դէմ տարուող արշաւին ծիրին մէջ, բնականաբար լիբանանահայութիւնը չէր կրնար լուռ մնալ։ Այս առնչութեամբ Չորեքշաբթի, 30 Սեպտեմբեր 2009ին, երեկոյեան ժամը 8ին, Պուրճ Համուտի հրապարակին վրայ, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ քարոզչական եւ Հայ Դատի յանձնախումբերուն, տեղի ունեցաւ <<Մերժե՛նք թրքական նախապայմանները, մերժե՛նք Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւնները>> կարգախօսով ժողովրդային հաւաք։ Ձեռնարկին ներկայ էին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ եպս. Խաչերեան, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութիւնը, Հայկական երեսփոխանական պլոքի քաղաքական խորհուրդի անդամներ, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Անդրանիկ Մսըրլեան, հոգեւորականներ, պատկան մարմիններու, միութիւններու ու մամլոյ ներկայացուցիչներ եւ բազմահազար հայորդիներ։
Հաւաքին մասնակիցները եռագոյնով եւ ՀՅԴ դրօշներով կ՛արտայայտէին իրենց բողոքը, մինչ ուրիշներ բռնած էին ցուցատախտակներ, որոնց վրայ գրուած էին բողոքի արտայայտութիւններ, ինչպէս՝ <<Հայոց պատմութիւնը ծախու չէ>>, <<Մենք մեր պատմութեան տէրն ենք>>, <<Ո՛չ նախապայմաններուն>> եւ այլն։
Հաւաքի ընթացքին խօսք առաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Աղուան Վարդանեան, որ նշեց, թէ այս հաւաքը լիբանանահայութեան միակամութիւնը արտայայտող հանդիսութիւն է։ Ան ըսաւ, թէ Դաշնակցութիւնը հակաթրքական կազմակերպութիւն չէ, բայց եւ այնպէս դէմ է Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններուն մէջ քողարկուած նախապայմաններուն, որոնք նպաստաւոր չեն հայութեան շահերուն։
Աղուան Վարդանեան յայտնեց, որ այսօրուան իշխանութիւնները պէտք է ունենան սեփական տեսակէտ, ու լաւապէս պէտք է գիտնան, թէ Հայոց ցեղասպանութեան խնդիրը միայն Սփիւռքի հարցը չէ, այլեւ՝ համայն հայութեան խնդիրն է։ Ան քննութեան առարկայ դարձնելով համաձայնագիրին բովանդակութիւնը, հարց տուաւ, թէ ինչո՞ւ համաձայնագիրին մէջ չէ նշուած, թէ երկու կողմերը առանց նախապայմաններու կը համաձայնին բանալ սահմանը։ Վարդանեան հաստատեց, թէ սահմանի փոխադարձ ճանաչումը նոյնինքն արդէն զիջում է հայութեան կողմէ։
Վարդանեան ըսաւ, թէ Թուրքիա Հայաստանի հետ սահմանը փակած է Ղարաբաղի հարցին պատճառով, եւ այս գծով հարց տուաւ, թէ ինչո՞ւ պետութիւնները չդատապարտեցին թրքական արարքը, մինչ Հայաստանի իշխանութիւնները դատապարտող որեւէ աշխատանքի չձեռնարկեցին։
<<Մենք պատասխանատու ենք ապագայ սերունդներուն առջեւ>>, ըսաւ Վարդանեան եւ աւելցուց, թէ քանի մը օր ետք, երբ Հայաստանի նախագահը Լիբանան ժամանէ, ապա ան պիտի լսէ լիբանանահայութեան մերժողական հաւաքական կեցուածքը։
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին խօսքը արտասանեց Յովիկ Պերթիզլեան, որ հաստատեց, թէ հայ-թրքական յարաբերութիւններուն մէջ որեւէ նախապայման մերժելի է՝ նշելով միաժամանակ, որ նախապայմանները պէտք է դնեն ցեղասպանութեան ենթարկուած հայերը, որոնք իրենց հողերը կորսնցուցին եւ տուին մէկուկէս միլիոն նահատակ։
Ան յայտնեց, որ այսօր Հայաստանի իշխանութիւնները որքան որ փորձեն մեզ մոլորեցնել, թէ նախապայմաններ գոյութիւն չունին, ապա անոնք չեն կրնար խաբել հաւաքականութիւնը, քանի որ նախապայմաններուն գոյութիւնը բացայայտ է։
Պերթիզլեան հաստատեց, թէ Դաշնակցութիւնը համոզուած է, որ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները իրենց բնականոն հունին մէջ կը մտնեն միայն ա՛յն պահուն, երբ Թուրքիա կը ճանչնայ իր ոճիրը եւ կը վերադարձնէ մեր հողերը։ Ան ըսաւ, թէ ցեղասպանութեան ենթարկուած զոհը ի՛նք նախապայմաններ պէտք է դնէ, մերժելի է Կարսի դաշնագիրը, եւ պէտք չէ կապել Արցախի հարցը հայ-թրքական յարաբերութիւններուն։
Անդրադառնալով Հայաստանի նախագահի Լիբանան այցելութեան՝ Պերթիզլեան ըսաւ. <<Այս լսումները մեր աչքին փոշի ցանել են, եւ փորձեր են ժողովուրդին ընդվզումը մեղմացնելու։ Խօսքը եզրափակելով՝ Յովիկ Պերթիզլեան յայտնեց, որ հայ-թուրք յարաբերութիւններու նոր զարգացումները արդէն Ցեղասպանութեան ճանաչման աշխատանքներուն մէջ ունեցած են իրենց ժխտական անդրադարձները։ Ան եզրափակեց, թէ ի՛նչ որ ալ ըլլան պայմանները, հայութիւնը պէտք է մնայ միակամ ու հաւաքաբար պայքարի հայութեան տեսլականին իրականացման համար։
Զոյգ խօսքերէն ետք Րաֆֆի Տեմիրճեան ընթերցեց Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին ուղղուած ստորագրահաւաքին յուշագիրը, եւ յայտնեց, թէ հրապարակին վրայ գտնուող կեդրոններուն կողքին այսօրուընէ սկսեալ հայորդիները դպրոցներուն, ակումբներուն, եկեղեցիներուն ու կառոյցներուն մէջ կրնան իրենց մասնակցութիւնը բերել ստորագրահաւաքին։
comments
Կոչ Հայութեան ու Հայրենիքի Իշխանութեան
Australia Live by Armenia Media: Dr Hrayr & Arda Jebedjian
Australia Live by Armenia Media: Victor Karapetyan
Australia Live by Armenia Media: Professor Navoyan
Australia Live By Armenia Media: Reverend Sarkissian
Australia Live By Armenia Media: Zarouhi Manoukian
Australia Live By Armenia Media: Hayk Arsenyan
Australia Live By Armenia Media: Hasmik Movsisyan & Zhanna Nazaryan