ՀՅԴ ԱՄՆի Արեւելեան Շրջանի Բանակում

By Asbarez | Tuesday, 18 October 2011

 

ՖՐԵՆՔԼԻՆ, Մեսեչուսեց.- ՀՅԴ ԱՄՆ Արեւելեան շրջանի կեդրոնական կոմիտէն յաջողութեամբ կազմակերպեց շրջանի ընդհանուր բանակումը, որ տեղի ունեցաւ «Քէմփ Հայաստան»ի (Ֆրենքլին, Մեսեչուսեց) մէջ Հոկտեմբեր 7էն 11:

Այս բանակումին ընթացքին, կայացան նաեւ դասախօսութիւններ եւ կլոր սեղաններ Հայ Դատին առնչուող հարցերու շուրջ, որոնց կարգին՝ «Համշէնահայերը», «Տիգրանակերտի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ վերանորոգումն ու վերազարթնումը», «Տերսիմի հայերը», «Պոլսահայ գաղութը», «Պաշտպանենք Արցախը» եւ «Արցախի տնտեսական բարգաւաճում եւ մարտահրաւէրներ»:

Աւելի քան 80 բանակողներ մասնակցեցան եւ աւարտին, տեղի ունեցաւ երդման արարողութիւն, որուն ընթացքին 8 նորեկներ միացան ՀՅԴ շարքերուն:

comments