Թեհրանի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած յուշարձանի բացում

By Asbarez | Tuesday, 27 January 2015

 

 

Թեհրանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ աթոռանիստ եկեղեցւոյ բակին մէջ կանգնեցուեցաւ յուշարձան՝ ի յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն:

Յուշարձանը օծեց պատրիարք Ներսէս Պետրոս ԺԹ.ն: Յուշարձանի օծումէն ետք պատրիարքը կարեւոր համարեց այն հանգամանքը, որ եկեղեցւոյ կողքին Հայոց Մեծ Եղեռնի յուշարձանի գոյութիւնը կու գայ Ցեղասպանութեան ժառանգներուն եւս մէկ անգամ յիշեցնելու մեր արմատներուն եւ անկէ բխող արժէքներուն եւ ինքնութեան կառչելու ու կտակուած իրաւունքները ձեռք բերելու պահանջը:

Պատրիարքը նշեց նաեւ, որ Ապրիլ 12ին Ֆրանսիս պապի նախագահութեամբ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած Սուրբ պատարագ պիտի մատուցուի Վատիկանի մէջ:

 


comments