Հալէպի Ազիզիէ շրջանը հրթիռակոծման ենթարկուեցաւ

By Asbarez | Thursday, 29 January 2015

 

ՀԱԼԷՊ.- <<Գանձասար>> թերթի խմբագիր Զարմիկ Պօղիկեան կը տեղեկացնէ, որ Ուրբաթ, 30 Յունուար 2015ի երեկոյեան, Հալէպի բնակչութեամբ հոծ <<Ազիզիէ>> շրջանի <<Սինեմա Զահրաա>> պողոտան եւ <<Սէլլում>> հիւանդանոցի շրջանը հրթիռակոծման ենթարկուեցաւ։

Զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն կողմէ արձակուած հրթիռներու պայթումին հետեւանքով արձանագրուեցան վիրաւորներ՝ երեքը հայ. վիրաւորուեցան հալէպահայ Գէորգ Հալլաճեանն ու անոր երկու դուստրերը։ Պայթումը պատճառ դարձաւ նաեւ նիւթական մեծ վնասներու եւ հրդեհի մը բռնկման։

Վիրաւորները անմիջապէս փոխադրուեցան հիւանդանոց։ Հակառակ վիրաբուժական միջամտութեան, Գէորգ Հալլաճեանի կեանքը կարելի չեղաւ փրկել։ Անոր դուստրերուն վիճակը կայուն է։



comments