Հալէպի մէջ բանակի օրուան նուիրուած ձեռնարկ

By Asbarez | Monday, 02 February 2015

 

 

Յունուար 28ին, Հայոց բանակի 23րդ տարեդարձին առիթով, Հալէպի մէջ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսութեան մէջ կազմակերպուեցաւ ընդունելութիւն: Ձեռնարկին ընթացքին շնորհաւորական խօսքով ներկաներուն դիմեց Հալէպի մէջ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոս Տիգրան Գէորգեան: Վերջինս շեշտեց հայոց բանակի անգնահատելի դերը Հայաստանի ու Արցախի անվտանգութեան, սահմաններու պաշտպանութեան, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային խաղաղութեան ու կայունութեան ապահովման գործին մէջ: Ընդունելութեան ընթացքին ՀՀ քաղաքացիի անձնագիրներ յանձնուեցան խումբ մը հալէպահայերու:

Իրենց խօսքին մէջ նորընծայ քաղաքացիները վստահեցուցին, որ բարձր պատիւով եւ պատասխանատուութեան մեծ զգացումով պիտի կրեն այս նշանակալի եւ յիշարժան օրը ստացուած ՀՀ անձնագիրները:

 



comments