Փարիզահայերու Ցոյցը Զսպելու Փորձը Կը Հանդիպի Ընդդիմութեան

By Asbarez | Saturday, 03 October 2009

ՓԱՐԻԶ.- Ֆրանսացի ոստիկաններ երէկ բռնի միջոցներու դիմեցին՝ հեռացնելու համար նախագահ Սարգսեանին իրենց խօսքը փոխանցելու համար Կոմիտասի արձանին մօտ հաւաքուած աւելի քան ութ հարիւր հայ ցուցարարները: Փարիզահայ լրագրող Ժան Էսքճեան ցուցարարներուն թիւը գնահատած է հազարով:

Փարիզէն լրագրող Թաթուլ Յակոբեան յայտնած է, որ նախագահ Սարգսեան կէսօրէ ետք ժամը երեքին պիտի այցելէր Հայկական Ցեղասպանութեան յուշարձան հանդիսացող Կոմիտասի արձանը, ծաղկեպսակ զետեղելու համար անոր առջեւ: Ոստիկանութիւնը փորձած է ամէն գնով հեռացնել ցուցարարները այդ վայրէն՝ նախքան նախագահին ժամանումը:

<<Մոռնալը համազօր է դաւաճանութեան>> խօսքը կրող քառալեզու պաստառներով եւ «Ոչ՛»վանկարկումներով իրենց կեցուածքը արտայայտող ցուցարարները վճռակամօրէն նստած էին արձանին չորսդին՝ փակելու համար նախագահին ճանապարհը:

Ոստիկանութիւնը չխորշեցաւ կոշտ ու բիրտ միջոցներով ցուցարարները հեռացնելու քայլեր առնելէ:

Ցուցարարներու հեռացումէն ետք միայն նախագահը հասաւ յուշարձան ու զետեղեց իր ծաղկեպասկը:

PLEASE SEE VIDEO BELOW

 

comments

Advertisement